Ախտաբանական Սուտ

Ախտաբանական Սուտը (pseudologia fantasica) այն է, երբ մարդը կը ստէ այնպիսի աստիճանի, որ համաչափ չէ որեւէ յստակ, առարկայական օգուտի[1]:

Ախտաբանական Սուտի չափանիշներու ոսկեայ օրէնքներ չկան, սակայն քանի մը հիմնական բնութագրիչներ յայտնաբերուած են.

  • Անոնք երկարատեւ կերպով կը պատմեն սուտեր կամ իրականութեան չհամապատասխանող պատմութիւններ, որոնք կապ չունին կամ համաչափ չեն որեւէ յստակ, առարկայական շահի հետ:
  • Պատմութիւնները որակապէս տրամաթիք են, մանրամասն, բարդ, գունեղ ու չնաշխարհիկ:
  • Իրենց պատմութիւններուն մէջ անոնք սովորաբար հերոսն են կամ զոհը եւ կարծես նախատեսուած են ընդունելութեան, հիացմունքի եւ համակրանքի հասնելու համար:
  • Խորաթափանցութեան առումով, կեղծաբանը կը գտնուի գիտակցուած խաբէութեան եւ մոլորութեան միջեւ լուսապատկերի երկայնքին, եւ միշտ չէ, որ կը գիտակցի իր շարժառիթներուն, եւ կը թուի, թէ ընդհատումներով կը հաւատայ իր պատմութիւններուն, բայց երբեք չի հասնիր համոզմունքի այն մակարդակին, որ կորսնցուցած է իր կապը իրականութեան հետ[2]:

Մարդոց մեծամասնութիւնը կը սարսափի եւ կ'ամչնայ, երբ բացայայտուի իրենց սուտերը, բայց` ոչ անոնք, որոնք ունին PF: Երբ դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց խաբէութեան հետ, PF-ով մարդիկ սովորաբար անտարբեր կը գտնուին: Անոնք չեն սարսափիր, իրենց քունը չի փախչիր, ոչ ալ կը քրտնին: Աւելի՛ն. անոնք կ՛երթան աւելի հեռուն` երբեմն տրամադրելով լրացուցիչ մանրամասնութիւններ` սուտը բացատրելու համար[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել