Ակռաներու պատուաստում
Ակռաներու ոսկորի Պատուաստումը կամ ոսկոր ցանելը ատամնաբուժութեան մէջ անհրաժեշտ կը դառնայ, երբ ծնօտներու ոսկորներուն մէջ տարբեր պատճառներով ոսկորի մաշում կամ կորուստ տեղի ունենայ:
Ոսկորի պատուաստումը ընդհանրապէս կը կիրարկուի արուեստական ակռաներ կամ ատամնաշարեր տեղադրելու պարագային՝ ոսկորին հաստութիւնը աւելցնելու կամ ծնօտներու ոսկրային վնասուածքները դարմանելու համար[1]:
Ոսկրային պատուաստանիւթը
ԽմբագրելՈսկրային պատուաստանիւթը կրնայ ըլլալ բնական, կիսարուեստական կամ ամբողջովին արուեստական:
- Բնական պատուաստը, որ կը կոչուի «allograft», պատուաստումի ժամանակ կ'առնուի անհատի ծնօտին կամ մարմինի այլ մասերու ոսկորներէն ու կը տեղադրուի մաշած կամ վնասուած ոսկրային հատուածին մէջ:
- Բնական ոսկրային պատուաստ կրնայ տրամադրել նաեւ անհատ մը ուրիշ անձի մը՝ դառնալով ոսկրային նուիրատու («donor»):
- Կիսարուեստական ոսկրանիւթը, «xenograft», կ'առնուի կենդանիներու ոսկորներէն եւ ջերմային ու քիմիական մշակման ենթարկուելէ ետք` կը յարմարեցուի մարդու ոսկորին:
- Ամբողջովին արուեստական ոսկրանիւթը, «alloplast», կը պատրաստուի քիմիական կրածին նիւթերով, ինչպէս՝ «hydroxiappatite», «calcium» եւ այլն:
Միաձուլում
ԽմբագրելՈսկրային պատուաստանիւթը, ծնօտի ոսկրային վնասուած կամ մաշած հատուածին մէջ տեղարդուելէ ետք, կը խառնուի արեան հետ եւ կամաց-կամաց կը վերածուի միաձոյլ զանգուածի մը, որ ժամանակի ընթացքին (2-էն 3 ամիս) կը կարծրանայ ու կը միանայ ծնօտի ոսկորին:
Ոսկրային պատուաստանիւթի կարիք
ԽմբագրելԲոլոր անոնք, որոնց ծնօտներուն մէջ որեւէ պատճառով տեղի ունեցած է ոսկրային մաշում կամ վնաս, կարիքը ունին ոսկրային պատուաստումի:
Ոսկրային պատուաստումը թելադրելի է յատկապէս.
- Ակռաներու հեռացումէն ետք, երբ անոնց շուրջի ոսկորը բաւական վնասուած է:
- Ակռայ ցանելու պարագային («implant»), դարձեալ երբ ոսկորը վնասուած կամ մաշած է:
- Արուեստական ատամնաշարեր տեղադրելէ առաջ, ծնօտները ամրացնելու եւ հաստութիւն ապահովելու համար:
Ոսկրանիւթի տեղադրման եղանակ
Խմբագրել- Առաջին հերթին ատամնաբոյժը կը կատարէ բերանի ամբողջական քննութիւն մը` ստուգելով լինտերուն, ակռաներուն եւ ծնօտներուն առողջական վիճակը:
- Կը կատարուին նաեւ տարբեր տեսակի ճառագայթային նկարահանումներ («X-rays, panoramic pictures, scanners»), որոնց հիման վրայ կ'որոշուի բուժման միջոցն ու ընթացքը:
- Գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ ատամնաբուժական դարմանատան մէջ:
- Ատամնաբուժը թմրանիւթով կ'անզգայացնէ այն հատուածը, ուր պիտի տեղադրուի ոսկրանիւթը, ապա ճեղքելով լինտը կը բանայ ոսկորը ու լաւ մը մաքրելէ ու ախտահանելէ ետք` կը տեղադրէ զայն:
- Երբ վնասուած հատուածը բաւական լայն ըլլայ, ոսկրանիւթը տեղադրելէ ետք, անոր վրայ կը դրուի ոսկրային թաղանթ մը («Bone Membrane»)` աւելի լաւ ապահովելու ու ամրացնելու համար տեղադրուած ոսկրանիւթը:
- Աւարտին, ատամնաբոյժը կը փակէ ճեղքուած լինտը ու կարելով դարձեալ կ'ամրացնէ զայն:
Ոսկրային պատուաստումէն ետք խնամք
Խմբագրել- Առաջին օրը քանի մը ժամ գործողութեան ենթարկուած կողմի այտին վրայ սառ տեղադրել, կարելի եղածին չափ նուազեցնելու ուռեցքը եւ արիւնահոսութիւնը կանխելու համար:
- Երբեք չողողել բերանը նուազագոյնը երեք օր: Նկատի ունենալով, որ ոսկրային պատուաստանիւթը շատ մանր աղի նման փոշիի կը նմանի, ողողման ժամանակ կրնայ դուրս գալ ու պարպուիլ:
- Բնաւ չծխել, որպէսզի չբորբոքի ու չփճանայ ոսկրանիւթը:
- Տաք ուտելիքներ եւ խմիչքներ չօգտագործել:
- Չօգտագործել նաեւ ալքոլային ըմպելիքներ, որովհետեւ ալքոլը կրնայ բացասական հետեւանքներ յառաջացնել` պատճառ դառնալով բորբոքման, ցաւի, ինչպէս նաեւ` գերզգայնութեան երեւոյթներու:
- Բժիշկին թելադրած դեղերը առնել ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ ժամանակին, այլապէս բորբոքման պատճառով ոսկրանիւթը կրնայ չամրանալ ու ձախողիլ[2]: