Աղահեճքի ամրոցը

Աղահեճքի ամրոցը (կամ «Միրիկ-1»[1]) կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի Միրիկ գիւղի արեւմտեան եզրի բարձրադիր բլուրին գագաթը։ Ամրոցը տեղակայուած է Աղաւնոյ գետի աջ ափին բարձրացող լեռնաբազուկին վրայ։

Ամրոցը կառուցուած է Ք.Ա. 9-8-րդ դարերէն ոչ վաղ եւ գոյատեւած է մօտ 300 տարի։

Աղահեճք ամրոցը եզակի յուշարձան է, ուր պահպանուած բոլոր ճարտարապետական համալիրները նմանը չունին Հայաստանի, Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ յետխորհրդային տարածքի հնագոյն քաղաքակրթութիւններուն մէջ[1]։ Կառուցուած ըլլալով երկաթի լայն տարածման ժամանակաշրջանին, այն կը կրէ Յառաջաւոր Ասիոյ տարբեր ժամականաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու բնորոշ տարրեր, որոնք երբեք միասին չեն հանդիպած։

2013 թուականին յուշարձանը յայտնաբերած է հնագէտ Գ.Մ. Սարգսեան՝ դաշտային հետախուզական աշխատանքներու ընթացքին։

Յուշարձանին վերաբերեալ պատմական տեղեկութիւններ շատ քիչ պահպանուած են[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՄԻՐԻԿԻ ԱՄՐՈՑԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ»։ Ազգ (hy-AM)։ 2017-09-29։ արտագրուած է՝ 2023-04-13 
  2. «Արցախի գանձերը․ Աղահեճքի ամրոց»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-11-12։ արտագրուած է՝ 2023-04-13