Աղասի Յովհաննիսեան
Աղասի Յովհաննէսեան, ծնած է Թեհրան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի Հայկազեան դպրոցին մէջ։ Աշխատակցած է «Հայրենիք», «Արմենուհի», «Արփի», «Սփիւռք», «Հուր» պարբերաթերթերուն. նաեւ պարտսկական մամուլին՝ պարսկերէնի թարգմանելով հայ գրողներէ գործեր, ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեանի «մահուան Առագաստը», Համաստեղէն պատմուածքներ եւայլն։
1962 թուականին լոյս ընծայած է իր պատմուածքներու առաջին հատորը Գիւղի Ճամբան։
Գրած է ուղեւորութեան տպաւորութիւններյ յատկապէս «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, որոնք լոյս տեսած են երեք գրքոյկներով.
Նշան Պէշիկթաշլեանի հետ (1974), Ուղտագնացութիւն (1974), եւ Օտարականի մը Արկածները (1974):
Հրատարակած է «Յուշապատկերներ, հայ Անուանի Գրողների Կեանքից» եւ «Կեանքի Եւ Մահուան Միջեւ» (Պէյրութ, 1977) գործերը։
Անդամ է Իրանահայ Գրողներու Միութեան։
Աղասի Յովհաննէսեան Իրանահայ սակաւաթիւ արձակագիրներ մէկն է. ունի կենսունակ ոճ եւ հիւմըր[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, էջ 746։