Աղուդիի Մահարձան
Աղուդիի Մահարձան (Աղիտուի կոթող-մահարձան), 7-րդ դարու հայկական միջնադարեան ճարտարապետական յուշարձան, Սիւնիքի մարզի Աղուդի գիւղին մօտ։
Սիսեանի շրջանի Աղուդի գիւղին մօտ կը բարձրանայ հոյակապ մահարձան մը, որ կառուցուած է 6-րդ դարու վերջերուն կամ 7-րդ դարու սկիզբներուն[1]: Կը գտնուի Սիսեան քաղաքէն 4 քմ. դէպի արեւելք:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԻշխանանիստ գիւղ եղած է Աղուդին: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ պարսիկներու մարզպանը իր մօտ կը կանչէ Սիւնեաց երեք իշխանները` նպատակ ունենալով ձերբակալել զանոնք[2][3]: Սակայն հայ իշխանները կը նախազգան մարզպանին մտադրութիւնը եւ կը մերժեն:
Մարզպանը մեծաթիւ զօրքով կը հասնի Աղուդի: Հայերը կը յաղթեն, բայց կռուի ընթացքին զոհ կ՛երթան երեք հայ իշխանները: Աղուդցիները կը կառուցեն գեղեցիկ դամբարանատուն մը, ուր կ'ամփոփուին հայրենասէր իշխաններուն աճիւնները: Սակայն անոնց փառքը յաւերժացնելու համար գետնափոր դամբարանատունը ճոքր կ՛երեւի աղուդցիներու աչքին:
Հողը կրնայ ծածկել դամբարանատունը, կը մտածեն անոնք, իսկ հայրենի երկրի համար զոհուածներու յիշատակը պէտք է հասցնել սերունդներուն[4]:
Դամբարանատան վրայ կը կառուցուի երկյարկ, աշտարակաձեւ մահարձան մը: Երկրորդ յարկի երեք գեղեցիկ կամարները կը խորհրդանշէին այն, որ դամբարանատան մէջ թաղուած է երեք մարդ:
Յետագային մահարձանի երկրորդ յարկի կամարները փուլ կու գան, եւ կը մնան միայն կողասիւները: Բայց այդ վիճակին մէջ ալ Աղուդիի մահարձանը սքանչելի է: Ան հին հայկական ճարտարապետութեան բարձրարժէք կոթողներէն է:
Սիւնեաց հայրենասէր իշխաններուն անունները չեն գրուած կոթողին վրայ։ Ճիշդ է, անցորդը այսօր կրնայ մահարձանին վրայ կարդալ քանի մը տողեր` շրջակայքի մէջ կատարուած շինարարութեան մասին: Սակայն այդ տողերը քանդակուած են յետագային եւ նշանաւոր դամբարանատան հետ առնչութիւն չունին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ԱՂԻՏՈՒԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂ»
- ↑ «ԱՂԻՏՈՒԻ (Աղուդի) ԿՈԹՈՂ – ՄԱՀԱՐՁԱՆԸ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-04-23-ին
- ↑ «Աղիտուի մահարձան»
- ↑ «ՍԻՒՆԻՔ»