Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Ամերիկայի Հայկական համագումար (անգլ.՝ Armenian Assambly of America), համաամերիկեան հայկական կազմակերպութիւն,

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Հիմնադրուած է 1972 թուականին։ Կեդրոնը՝ Ուաշինկթըն, գրասենեակներ ունի Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ։

Հիմնադիր անդամներն են ձեռնարկատերեր Ստեփան Մուկարն ու Հրայր Յովնանեանը, ճարտարապետ Լիոնէլ Գալստեանը, իրաւաբաններ Ռոպերտ Մրամ Գալուստեանն ու Հայկ Տէր-Մանուէլեանը, գիտնականներ Ջան Հաննէսեան կրտսերը, Հայկազ Գրիգորեանը եւ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը։

Նպատակ

Հայկական համագումարի նպատակն է՝ համախմբել ամերիկահայերուն եւ սատարել ԱՄՆ-ին մէջ հայ մշակութային աւանդի եւ պատմական ինքնութեան գիտակցութեան գնահատման ու զարգացմանը, հայկական յուշարձաններու ու մշակութային նիւթերու պահպանման խրախուսել գիտական հետազօտութիւնն ու տեղեկահաւաքը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տարածել հայ ժողովուրդի պատմական, կրթական, կրօն, ու մշակութային կեանքի, ամերիկահայութեան մասին, խրախուսել ամերիկահայերուն աւելի լայն մասնակցութիււնը ամերիկեան ժողովրդավարական գործընթացին, պաշտպանել ամերիկահայերուն մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները։

Այդ նպատակներն իրագործելու համար Հայկական համագումարը մշակած է շարք մը ծրագրեր՝ կառավարական, իրաւագիտական, հասարակական, ուսանողական, համալսարանական եւ գաղթականական գրասենեակներ. Կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ տնօրէններու խորհուրդը, դրամական միջոցները կը հայթայթեն Հայկական համագումարի ծրագիրներուն աջակցող ամերիկահայերը։

Հայկական համագումարի ուշադրութեան առարկան է ամերիկեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս անոր անմիջական հեեւանքները հայութեան համար։ Ուստի, կազմակերպութեան կառավարական եւ իրաւագիտական մասնաբաժինը մշտապէս կ'աշխատի ԱՄՆ-ի քոնկրէսի եւ վարչակազմի անդամներու հետ՝ ամերիկահայերուն հետաքրքրող հարցերու շուրջ։ Հայկական համագումարը կը ծրագրէ հաղորդագրութիւններ՝ ԱՄՆ-ի հայ համայնքին տեղեակ պահելով ԱՄՆ-ի կառավարութեան քաղաքականութեան այն դրսեւորումներուն, որոնք կրնան անդրադառնալ հայկական հարցի վրայ։ Հայկական համագումարը կը պահպանէ հայերու ցեղասպանութեան մասին կարեւոր փաստաթւղթերու հաւաքածուներ (ցեղասպանութեան մասին 1915 թուականէն ի վեր ԱՄՆ-ի կառավարութեան հրապարակած պաշտօնական փաստաթուղթեր, Օսմանեան կայսրութիւնը առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ԱՄՆ-ի դեսպանի եւ հիւպատոսներու տեղեկագրութիւններ եւ այլն), տեղեկութիււններ տրամադրել ամերիկեան պաշտօնատար անձանց՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ։

Գործունէութիւն

Հայկական համագումարի հասարակական հարցերու մասնաբաժինը, որ կ'աշխատի աւելի լայն իրազեկութիւն տարածել հայկական հարցի վերաբերեալ, լույս կ'ընծայէ «Համագումարի միջոցառումներ» ամենամսուայ լրագիրը եւ եռամսուայ «Համագումարի հանդէսը», որն կ'արագուի 25 հազար ամերիկահայ ընտանիքներու, ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներու ու վարչակազմի անդամներու, հեռատեսիլներուն համար կը պատրաստէ շաբաթական լրատուութիւն։

Ժողովրդավարական գործընթացքին երիտասարդ ամերիկահայերու մասնակցութիւնը խրախուսելու նպատակով Հայկական համագումարի ուսանողական հարցերու մասնաբաժինը ամէն ամառ Ուաշինկթըն կը հրաւիրէ համալսարանական ուսանողներ, որոնք կ'աշխատին դաշնակցային (ֆետերալ) կառավարութեան զանազան գործակալութիւններու ու հաստատութիւններու մէջ (ծրագրին ամէն տարի կը մասնակցի ԱՄՆ-ի տարբեր ծայրերէն եկած 40 հայ ուսանող)։ Մասնաբաժինը նիւթեր կը հայթայթէ նաեւ ԱՄՆ-ի համալսարաններու մէջ գործող աւելի քան 60 հայ ուսանողական միութիւններու համար։ Հայկական համագումարի համալսարանական (ակադեմական) հարցերու մասնաբաժինը մշակած եւ տարածած է Հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթեր՝ հանրային եւ մասնաւոր դպրոցներու մէջ օգտագործելու համար։ Ուսուցիչներուն համար պատրաստուած է «Հայկական ցեղասպանութեան աղբիւրներու ուղեցոյցը», դաստիարակչական տեսաժապաւէն մը, որոն մէջ կը քննարկուին հայերու ցեղասպանութիւնը եւ անոր դասերը։ 1987 թուականին Գալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը նահանգապետ Ճորճ Տոքմէճեանի ղեկավարութեամբ վաւերացուց նահանգի կրթական համակարգի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ցեղասպանութեան՝ ներառեալ հայերը, վերաբերեալ պարտադիր ուսուցման օրինագիծը։

Հայկական համագումարը կը հակազդէ հայերու ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձերուն, կ'անդրադառնայ ցեղասպանութիւնը մերժելու, ուրանալու թրքական կառավարութեան բոլոր ճիգերուն եւ կը պայքարի, որպէսզի ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչնայ որպէս անհերքելի պատմական փաստ։

Հայկական համագումարի գաղթականական հարցերու մասնաբաժինը կը ջանայ օգնել իրենց երկիրներէն տեղահան եղած հայ գաղթականներուն, կը զբաղի անոնց ապաստանի եւ մշտական վերաբնակեցման խնդիրներով, համագործակցութիւն հաստատելով գաղթականներուն օգնող ամերիկահայ բարեսիրական եւ հասարակական սպասարկութեան կազմակերպութիււններու միջեւ եւ այլն։

Հայկական համագումարը մասնակցած է հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպմանը, կը հրապարակէ եւ կը տարածէ նաեւ ցեղասպանութեան մասին գիտական գրականութիւն։

Հայաստանի օժանդակութիւն

Հայաստան՝1988 թուականին սկսված քաղաքական իրադարձութիւնները եւ դեկտեմբերեան երկրաշարժը դարձան Հայկական համագումարի հիմնական ծրագիրները։ նպատակ ունենալով ապահովել ԱՄՆ-ի կառավարութեան լայն ուշադրութիւնն ու օժանդակութիւնը այդ գործին մէջ։ Հայկական համագումարը բազմաթիւ դիմումներ յղած է ԱՄՆ-ի կառավարութեանը Արցախի Հանրապետութեան հայերու ծանր վիճակի, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին պարտադուած շրջափակման վերաբերեալ։

Երկրաշարժէն տուժած Հայաստանին սատար կանգնելու նպատակով Հայկական համագումարը հաստատեց օգնութեան հիմնադրամ, որ մինչեւ 1989 թուականի Դեկտեմբեր 31-ը հանգանակեց 4 միլիոն տոլար եւ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ ստորագրեց վերակառուցումի համաձայնագիր մը։ 1989 թուականի Փետրուարին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Հայկական համագումարի գրասենեակը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել