Ամերիկայի Հնդիկներու Երաժշտութիւնը

Ամերիկայի Հնդիկներու Երաժշտութիւնը, հիւսիսային հնդիկներու երաժշտական մշակոյթը:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կ'ապրին հնդիկներու հարիւրաւոր ցեղախումբեր, որոնք ունին տարբեր սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, սակայն մէկ ընդհանուր երաժշտական մշակոյթ:

Ամերիկայի հնդիկներու երաժշտութեան ամենատարածուած ձեւը երգային երաժշտութիւնն է, որ կը բաժնուի երեք խումբերու.-

  1. Աւանդական երգեր, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
  2. Ծիսակարգային ու բուժման նպատակ ունեցող երգեր:
  3. Ժամանակակից երգեր, որոնք եւրոպական երաժշտութեան ազդեցութիւնը կը կրեն:

Հնդիկներու երգերուն հիմքը կը կազմեն պարզ մեղեդիները, որոնք կը կատարուին բարձր ձայնով եւ լարուածութեամբ: Յաճախ երգեցողութեան կը միանայ սուլոց, շրթունքներու թրթռացում եւ ուժգին ֆշշոց: Կատարողական այս հնարները կը կոչուին «շրթունքներու երաժշտութիւն», որ երգեցողութեան կու տան լրացուցիչ ռիթմիք գունաւորում եւ հակադրութիւն:


Նուագարաններ

Խմբագրել

Հիւսիսային Ամերիկայի հնդիկներու նուագարաններու տեսականին սահմանափակ է: Անոնք ունին թմբուկ, սրինգ եւ ճչակներ (Rattles), որոնք կը գործածուին երգիչին նուագակցելու համար: Հարաւային Ամերիկայի հնդիկներու նուագարաններու տեսականին այլազան է՝ շուիներ եւ փչողական նուագարաններ, որոնք կը պատրաստուին փայտէ, կաւէ կամ եղէգէ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 37: