Այտափոսիկ[1], այտփոսիկ կամ մատնեհար, բնական փոքրիկ փոսիկներ մարդու այտերուն եւ կզակին:

Բնութագիր

Խմբագրել

Փոսիկները կ’ըլլան տարբեր չափերու եւ խորութեան: Կ’ըլլան շրջանաձեւ կամ ուղղահայեաց կերպով ձգուած: Սովորաբար կը հանդիպին բերանի կողային անկիւններուն տարբեր հեռաւորութեանց վրայ: Փոսիկները կը յառաջանան երկու այտերուն, սակայն հաւանական է նաեւ, որ ըլլան միայն մէկ այտի վրայ: Սովորաբար դէմքի մկաններու հանգիստ վիճակին փոսիկները նկատելի չեն: Ատոնք կ’երեւին միայն ժպտալու ատեն կամ բուռն դիմախաղի պարագային:

Ժամանակ առ ժամանակ փոսիկները կրնան անհետանալ եւ կրկին յայտնուիլ[2]: Փրոֆեսոր Մաք-Տոնալտ իր հետազօտութեանց արդիւնքին եզրակացուցեր է, որ փոսիկները սխալմամբ բնութագրուեր են որպէս գէնականօրէն փոխանցուող իշխող ծին (գէն)[3][4]: Սակայն, Եութայի համալսարանի գիտնականները կը համարեն, որ ատոնք ոչ մշտական իշխող ծին են, որոնք սովորաբար կը կառավարուին մէկ ծինի կողմէ, բայց միեւնոյն ատեն կը գտնուին միւս ծիներու ազդեցութեան տակ[5]:

Յառաջացման պատճառներ

Խմբագրել

Կը շրջանառուին տարբեր վարկածներ այտափոսիկներու յառաջացման պատճառներու վերաբերեալ: Բայց ատոնք բոլորն ալ կը յանգեն այն մտքին, որ այտափոսիկներու յառաջացման հիմնական պատճառը այտոսկրային մեծ մկանի (լատ.՝ zygomaticus major) կառուցուածքային առանձնայատկութիւններն են: Այտոսկրային մեծ մկանը կծկուելու ատեն բերանի անկիւնը վեր կը բարձրացնէ եւ քիչ մը կը ձգէ դէպի դուրս, որի արդիւնքին կը ձեւաւորուի ժպիտը[3]: Այս պատճառով ալ այն երբեմն կ’անուանեն «ժպիտի գլխաւոր մկան»:

Կան շարք մը կազմողական վիրահատութիւններ այտերու արհեստական փոսիկներ ստեղծելու համար: Սակայն յայտնի չէ՝ ատոնք երկար ժամանակ կը պահպանուի՞ն, թէ՞ ոչ, քանի որ տարիքի հետ մէկտեղ մաշկի առաձգականութիւնը կը նուազուի, եւ փոսիկները կրնան անհետանալ[6]:

Մշակութային առանձնայատկութիւններ

Խմբագրել

Որոշ մշակութային ուսումնասիրութեանց արդիւնքին պարզ դարձած է, որ ասիական եւ հնդեւրոպական ցեղային ենթախմբերու մէջ կայ նախապատուութիւն այտափոսիկներ ունեցող մարդոց նկատմամբ, եւ անոնք կը համարուին առաւել գրաւիչ ու անկեղծ[3]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հայոց լեզվի հոմանիշների բացատրական բառարան, Աշոտ Մուրադի Սուքիասյան - այտփոսիկ»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2017-03-25 
  2. Am J Med Genet. 1990 Jul;36(3):376. Cheek dimples.
  3. 3,0 3,1 3,2 Pessa JE, Zadoo VP, Garza PA, Adrian Jr EK, Dewitt AI, Garza JR (1998)։ «Double or bifid zygomaticus major muscle: anatomy, incidence, and clinical correlation»։ Clinical anatomy (New York, N.Y.) 11 (5): 310–3։ PMID 9725574։ doi:10.1002/(SICI)1098-2353(1998)11:5<310::AID-CA3>3.0.CO;2-T 
  4. McDonald J.H.։ «Myths of Human Genetics»։ Sparky House Publishing։ արտագրուած է՝ 10 January 2015 
  5. Utah։ «Observable Human Characteristics»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 September 2016-ին։ արտագրուած է՝ 26 January 2015 
  6. «British doctors warn against 'designer dimple' cosmetic surgery»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-15-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-26 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել