Այֆոնը, ամերիկեան Ափըլ ընկերութեան կողմէն ստեղծուած բջիջային գործիք։ Զայն կարելի է օգտագործել որպէս ՝ բջիջային հեռախօս, գրպանի համակարգիչ։ Արտագինէն ան շատ նման է սովորական Այփոտ-ի․ հաստութիւնը 11․6 մմ․է, իսկ երկայնքին անկիւնաչափը՝ 3․5 դիւյմ։ Երկայնքը սենսորային է, այդ պատճառով Այֆոն-ը կը սահմանափակուի ընդամէնը մէկ կոճակով (ստեղնաշարը բացակայ է)։

Այֆոն-ը ունի ներդրուած բարձրախօսներ եւ ներդրուած 2 մեգափիքսելով տեսախցիկ։ Զանգելը նոյնքան յարմար է որքան սովորական հեռախօսներով։ Համակարգիչի հետ տուեալներ սինգրոնիզացնելէ ետք, դիւրութեամբ կարելի է գտնել անհրաժեշտ հեռաձայնի թիւը, զանգել, կազմակերպել առցանց ժողովներ ընել, ստեղծել ձայնային արձանագրութիւններ եւ տեսահաղորդագրութիւններ։

Այֆոն-ը ունի ՃՍՄ, ԷՏՃ, պլիւթութ եւ Ուայ-ֆայ-ի կապերու տարբերակները։ Ան նաեւ համակերպած է համացանցի հետ աշխատիլ։ Սաֆարի դիտարկիչին մէջ տեղադրուած են շատ մը համացանցի էջեր։

Ափըլը համալրուած է նաեւ աբբ սդօրիով, որ ստեղծուած է 2008 թուականին, որմէ կրանանք ստանալ զանազան խաղեր, տեսերիզ, ՃԲՍ, ընկերային ցանցեր, յղումներ, եւ նշանաւոր դէմքեր։ Այֆոնը ունի հինգ սերունդ, որոնք որոշուած են ՅՈՍ-ի հիմնական հինգ հաղորդագրութիւններուն կողմէ։ Այֆոն 4-ը մասնաւորաբար ունի ետեւի մասը տեսախցիկ(420 տեսերիզ), իսկ առջեւի մասը տեսախցիկ (աւելի ցած բանաձեւով) Ֆէյս Թայմ տեսերիզ եւ Սքայփի նման այլ գործիքներ օգտագործելու համար։ Այս սերունդը յաջորդեց Այֆոն 4Սը։ Այֆոն 4Ս ունի տեսախձիկ աւելի շատ բանաձեւով (8 մեկափիքսել), աւելի արագ է քան միւս Այֆոնները, նաեւ ունի համաշխարհային հեռաձայնի կարողութիւններ(որոնք կը դիւրացնեն մէկ հեռաձայնի վրայ գործադրել երկու ՃՍՄ կամ ԻՒՄԴՍ եւ ՍՏՄԱ-ն)։ ՃԼՈՆԱՍՍ-ի աջակցութեան եւ բնական լեզուի ձայնի կառավարման, համակարգը կոչուեցաւ Սիրի։ Այս համակարգը կարելի է գործածել 8ԿՊ, 16ԿՊ, 32ԿՊ, կամ 64ԿՊ ուժով կարողութիւններով։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Այֆոնի զարգացումը սկսաւ 2005-ին Ափըլի գործադրի տնօրէն՝ Սթիւ Ջոբսի ղեկավարութեամբ, երբ Ափըլի կարուցողները սկսան ուսումնասիրել դաչ սգրինները։ Սկսան ստեղծել Այֆոնի նման եբատը։ Ափըլը նաեւ ստեղծեց ԱԹեւԹ Մօպիլլիթիի հետ գաղտնի համագործակցութիւն, որուն ծախսերը կը գնահատուէին 150 միլիոն ամերիկեան տոլլար ամէն ամիս։ Ափըլը մերժեց Մօդօրօլլա անյաջողհամագործակցութեան մօտեցման յարդարումը, փոխարէնը, Սինկիւլրը տուաւ Ափըլին ազատութիւն ամբողջ աշխարհի մէջ զարգացնելու համար։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները (մինչեւ Այֆոն 3Ճ), ինքզինքը գտաւ բացառիկ Վաճառքի մը դիմաց մինչեւ 2011 թուական։

Ջոբսը Այֆոնը ներկայացուց ամբողջ աշխարհին 2007 Յունուար 9-ին, Սան Ֆրասիսքոյի՝ Մոսգոնտ Սենդրի Մագուօրլտ 2007 համագումարին ժամանակ։ Այֆոնը սկսաւ ծախուիլ Միացեալ Նահանգներ 2007 Յունիս 29-ին, եւ այդ ժամանակ Այֆոնի հարիւրաւոր շարքեր բաժնուեցան խանութներու։ 2008 Յուլիս 11-ին հրապարակուեցաւ Այֆոն 3Ճին քսաներկու երկիրներու միջեւ, որմէ վերջ ներկայացուեցաւ Այֆոն 3ՃՍը 2009 Յուլիս 8-ին, աւելի ուշ, ներկայացուեցաւ Այֆոն 4ը, որուն հիման վրայ Այֆոն 3ԿՍը դարձաւ աւելի սուղ արժէք ունեցող համակարգ։ Ափըլի հրապարակած 8ԿՊ Այֆոնը կը ծախուէր 599 ամերիկեան տոլարի, մինջ նոյն հզօրութեամբ Այֆոն 3ՃՍ, կը ծախուէր 499 ամերիկեան տոլարի։ Սակայն, այս գիներուն համեմատ, արժեւորողները պահանջեցին երկու տարուան պայմանագիր։ Ափըլը սկսաւ վաճառել մօտաւորապէս 6.1 միլիոն Այֆոն առաւելագոյնը հինգ ամսուան ընթացքին, աւելի ուշ, 2010-ին հասաւ վաճառքը 73.5 միլիոն Այֆոնի։ Ափըլը երրորդ դիրք գրաւեց բջիջային կապի արտադրող եկամուտներու միջեւ, Նոքիայէն եւ Սամսունկէն վերջ։ Միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը վաճառուի 6.4 միլիոն Այֆոն։ Այֆոնի ետեւի մասը կառուցուած է պլաստիկ ալիւմինէ շերտով, սեւ կամ ճերմակ գոյներով, 8ԿՊ, 16ԿՊ, 32ԿՊ, կամ 64ԿՊ ուժով կարողութեամբ։ Բոլոր տարիքի մարդիկ օգտուեցան այս Այֆոնէն։ Որմէ ետք, 2011 Յունուար 11-ին լրատուութեան ժամանակ Վերիզոնը յայտարարեց, որ բոլորը ձեռք բերին Ափըլին եւ սկսաւ վաճառել ՍՏՄԱ2000 Այֆոն 4ը։ 2011 Մարտ 2-ին, Այփատ 2-ի իրադարձութեան ժամանակ, Ափըլը յայտարարեց թէ, իրենք կը վաճառեն 100 միլիոն Այֆոն ամբողջ աշխարհը, որ ճանչցուեցաւ երկրագունդի իբրեւ լաւագոյն հեռախօսներէն։