Անաթոլիա Գոլէճ, հիմնուած է 1864-ին Մարզուանի մէջ:

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Օսմանեան տարածքին բողոքական առաքելութիւն կատարող Ամերիկացիներու գործունէութեան արդիւնքն է Մարզուանի Անաթոլիա Գոլէճը:

Մարզուանի մէջ այս գործունէութիւնը կը սկսի 1851 թուականին: Այդ շրջանին Մարզուանի մէջ մօտաւորապէս 15.000 հայ կը բնակէր:

Պէպէքի Աստուածաբանական Դպրոցը եւ Խասգիւղի Աղջկանց Վարժարանը, աշխարհիկ ազդեցութենէն որպէսզի հեռու մնան, կ'որոշուի աւելի գոց տեղ մը փոխադրել ու յարմար կը գտնուի Մարզուանը:

Մարզուանի Անաթոլիա Գոլէճը

Անաթոլիա Գոլէճին արմատները կը հասնին մինչեւ 1864 թուականը, երբ ան աստուածաբանական կեդրոն մըն էր եւ նպատակ ունէր կրթելու ծայրամասերէն եկած ապագայ հոգեւոր հովիւները: 1881-ին աստուածաբանական բաժինը զատուելով «պատրաստական» կոչուած աշխարհիկ բաժինէն, երկրորդը 1886-ին վերածուեցաւ Անաթոլիա Գոլէճի, գիշերօթիկ դպրոցի մը, որ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին գաւառներու մէջ բնակող հայ եւ յոյն աշակերտներէ բաղկացած վարժարան մըն էր: Ուսուցչաց կազմը բաղկացած էր ամերիկացի միսիոնարներէ եւ հայ ու յոյն շրջանաւարտներէ, որոնք Արեւմուտքի մէջ ուսման ժամանակակից ծրագիրներու ծանօթացած էին:

կառոյց

Խմբագրել

Անաթոլիա Գոլէճը մեծ համալիր մըն էր եւ կ'ընդգրկէր զանազան բաժիններ, ինչպէս արական դպրոց, օրիորդաց դպրոց, մանկապարտէզ, խուլերու դպրոց, թանգարան-գրադարան, դարմանատուն, արհեստանոց, նաեւ գրականութեան, հնագիտութեան, երաժշտութեան եւ մարզական ակումբներ:

Ծրագիր
Խմբագրել

Ուսման լեզուն անգլերէնի կողքին կը դասաւանդուէր հայերէն, յունարէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներ, բնական եւ ընկերային գիտութիւններ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական պատմութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, հայկական եւ յունական դիցաբանութիւն:

կառոյցի փակում
Խմբագրել

Անաթոլիա Գոլէճը շարունակուեցաւ մինչեւ 1915, երբ մանկավարժական գործունէութիւնը կանգ առաւ եւ աշակերտութիւնն ու պաշտօնէութիւնը աքսորուեցան: Իսկ վարժարանը միջոց մը գոյատեւելէ յետոյ փոխադրուեցաւ Սէլանիկ՝ Յունաստան:

Մարզուանի Գոլէճը 30 տարուայ գործունէութեան ընթացքին տուաւ բազմաթիւ հայ շրջանաւարտներ եւ սատարեց Սեւ Ծովեան շրջանի հայութեան մտաւոր ու մշակութային զարգացման:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
  • Houshamadyan թուայնացուած բաց արխիւ[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել