Անսերմա, Քալտաս․ քաղաք եւ նահանգ, Քալտաս մարզ, Քոլումպիա։ Հիմնուած է Օգոստոս 15, 1539-ին Ղորկէ Ռոպլետօ զօրավարին կողմէն։ Կը գտնուի արեւմտեան Քոլումպիա, Արեւմտեան Անտես լեռնաշղթային վրայ։

Քաղաք - նաւահանգիստ
Անսերմա, Քալտաս
սպ.՝ Anserma
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր Քոլումպիա
Հիմնադրուած է՝ 15 Օգոստոս 1539
Տարածութիւն 206,4 քմ²
ԲԾՄ 1790±1 մեթր
Բնակչութիւն 36 149 (2018-ի մարդահամար) մարդ
Պաշտօնական կայքէջ anserma-caldas.gov.co

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Բնակչութեան թիւն է 36 149 (2018-ի մարդահամար)։ Տարածութիւնն է 206,5 քլ²։ Բարձրադիր քաղաք է, կառուցուած է 1790 մ բարձրութեան վրայ։

Գիւղատնտեսութեան եւ առեւտուրի կեդրոն է։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը սուրճի մշակումով կը զբաղի։ Ունի հարուստ մշակութային կեանք․ կան երաժշտանոցներ, գրադարաններ եւ մշակութայի կեդրոններ։ Կը գործեն բաւական թիւով նուագախումբեր, պարախումբեր, թատերական խումբեր, երգչախումբեր։ Տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին բազմաթիւ փառատօներ։ Երաժշտութիւնը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ քաղաքին մշակութային կեանքին մէջ։

 
Անսերմա քաղաքապետարանի նուագախումբը, նկար 2014

Քաղաքապետութիւնը ունի իր նուագախումբը որ հիմնուած է Մայիս 22 1983-ին։

Քրիստոնէական տարբեր դաւանանքներու պատկանող եկեղեցիներ կան, որոնցմէ գլխաւորներն են Nuestra Señora del Carmen, Santa Bárbara, Divino Niño, Cristiana Darles Vida, Cristiana Centro de Fe y Esperanza եւ Dios Ministerial de Jesucristo Internacional։

Անսերմայի տարածքին կան բազմաթիւ զբօսանքի վայրեր, պուրակներ․ ինչպէս օրինակ՝ Arango Zea պուրակ, Plaza Mariscal Jorge Robledo (հրապարակ), Bolívar պուրակ, Infantil պուրակ, Unidad Deportiva de Anserma մարզական համալիր (մարզարան, մարզադաշտ, ոտնագնդակաի տարբեր դաշտեր, հեծիկի յատուկ պուրակ), Galicia եւ Cristo Rey կողովագնդակի դաշտեր։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել