Անտառը (The Forest, խաղ)

Համակարգչային խաղ

«Անտառը» (անգլերէն՝ The Forest), համակարգչային խաղ, հրապարակուած է 30 Ապրիլ 2018-ին:

Խաղի նկարագրութիւն

Խմբագրել

Գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ՝ թէեւ այդքան ալ անմարդաբնակ չէ, ուր խաղային կերպարը իր տղուն հետ կը յայտնուի օդանաւային արկածի մը պատճառով: Սակայն կարմիր մարդ մը տղան կը տանի: Հօր փնտռտուքները կը զարգանան բաւական հետաքրքրական եւ լարուած բեմագրութեամբ եւ դիպաշարով:

Կղզիին մէջ ողջ մնալու համար կը գործածուին բնական միջոցները:

Խաղացողը կը զբաղի որսորդութեամբ, կը ստեղծէ ապրելու համար պայմաններ, ուստի՝ ձեր կերպարին բարեկեցութիւնը կախուած է ձեզմէ:

Սակայն ամէն բան այդքան ալ պարզ չէ: Անմարդաբնակ կղզիին մէջ գործած է տարրալուծարան, ուր արարածներ ստեղծուած են: Եւ հաւանական են յարձակումներ անոնց կողմէ: Ուրեմն կը հասկնաք, որ կացինը, բացի ծառ կտրելէ, նաեւ գործ պիտի կատարէ:

Խաղը կարելի է նաեւ խաղալ ընկերներու հետ: Միասին անցնիլ փորձութիւններու մէջէն, հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ ինչպէ՛ս գոյատեւման պայքար պէտք է մղել: Ատիկա կրնայ ապահովել ուրախ եւ հետաքրքրական ժամանց:

«Անտառ»ը կը ստանայ բաւական լաւ արձագանգներ՝ խաղացողներու կողմէ:

Սթիմ-ի մէջ անոնց կատարած արձանագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ խաղը ուղղակի աննկարագրելի զգացումներ կու տայ:

Պատումի զարգացումէն պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հայրը կը գտնէ՞ իր տղան, թէ՞ ոչ: «Անտառը» (The Forest) իր տեսակին մէջ ամենէն լաւերէն մէկն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-05-08