Անցողական հիւանդութիւններ

Անցողական հիւանդութիւններ, հիւանդութիւններ, որոնք անցողակի եւ արագ բուժումներ ունին:

Այդ հիւանդութիւններէն են՝

1.- Գլխացաւը.- Պատճառը կրնայ ըլլալ պրկուածութիւնը կամ անգարը (Միկրեն): Գլխացաւը նաեւ առկայ է հարբուխի` կրիփի եւ այլ վարակումներու ընթացքին:

2.- Խոռոչատապը.- Երբ քթային անցքի զանազան խոռոչները կը բորբոքին: Երբ կրիփ կ՛ըլլանք, անոնք կրնան բորբոքիլ եւ կը զգանք ճնշուած ցաւ մեր դէմքին վրայ:

3.- Չոր կոկորդը կամ կոկորդի ցաւը.- Գլխաւոր պատճառը ժահրային վարակումն է, յաճախ մարմինը կը բուժէ զայն, առանց հակամարմիններու օգտագործութեան:

4.- Հազը.- Հազի պատճառը յաճախ զանազան ժահրերու կամ մանրէներու արդիւնք կրնայ ըլլալ, երբ առկայ է հարբուխը:

5.- Պնդութիւնը կամ փորկապութիւն.- Յաճախ պատճառը կ՛ըլլալ մեր սնունդի տեսակը` իբրեւ արդիւնք հեղուկներու նուազ օգտագործումին:

6.- Փորհարութիւնը եւ փսխունքը.- Պատճառները կրնան ըլլալ զանազան ժահրերու վարակումները:

7.- Լեարդաբորբի Ա. ժահրի (Հեփաթիթ Ա) վարակումը.- Ուր կը տեսնենք 15-21 օրեր, երբ մարմինը իր բնական պայմաններով կը պայքարի չէզոքացնելու համար ժահրը:

Մարդու մարմնի դիմադրողական համակարգը

Խմբագրել

ա.- Բնածին դիմադրողականութիւն.- Ասիկա առաջին կարգի պայքարող համակարգն է, ուր կայ մաշկն ու զանազան լորձնաթաղանթները, որոնք կը պատեն զանազան օրկանները: բ.- Յարմարած դիմադրողականութիւն.- Ունի երկու կարեւոր բջիջներ` «Պի» եւ «Թի»: «Պի» բջիջները կը պատրաստեն հակամարմինները, իսկ «Թի» բջիջները կը փճացնեն ժահրերը եւ կ'արտադրեն «Ինթըրֆերոն»-ը, որ կը կասեցնէ ժահրի բազմանալը:

Աղբիւր

Խմբագրել

ԶԳՈՅՇ Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Գ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 1, 2017