«Ան Նահար» (արաբերէն النهار , լատինատառ An-Nahar‎ որ կը նշանակէ Օր կամ Առաւօտ), Լիբանանի ամենատարածուած արաբերէն լեզուով օրաթերթն է: Հիմնուած է 4 Օգոստոս 1933-ին Ժըպրան Թուէյնիի կողմէ որ թերթին խմբագրապետն էր 1933էն մինջեւ 1948: Իր մահէն ետք օրաթերթը ստանձնեց իր զաւակը՝ Ղասսան Թուէյնի որ շարունակեց իբր խմբագրապետ մինջեւ 1999: Ղասսան Թուէյնիի զաւակը՝ Ժըպրան Թուէյնի յաջորդեց իր հօրը 1999էն մինջեւ իր նահատակութիւնը 12 Դեկտեմբեր 2005-ին իր հակասուրիական կեցուածքներուն համար երբ օրաթերթը թէքեցաւ դէպի Մարտ 14 հակասուրիական քաղաքական շարժումը: Տեղական, արաբական եւ միջազգային մեծ յարգանք վայելող «Ան Նահար» թերթը կը վարէ ազատական կեցուածք տեղ տալով հակասական գաղափարներու՝ խօսքի ազատութեան հիմին վրայ:

Արտագին յղումներ

Խմբագրել