Աշխարհին շուրջ առաջին ճամբորդութիւնը
Աշխարհի շուրջ առաջին ճամբորդութիւնը կատարուած է սպանական հետախուզական խումբի մը կողմէ` Մաժելլանի ղեկավարութեամբ[1]: Ան սկսած է 10 Օգոստոս 1519-ին եւ վերջ գտած` 6 Սեպտեմբեր 1522-ին: Սակայն, Մաժելլան չէ եղած աշխարհի շրջանը կատարող առաջին ճամբորդը, որովհետեւ ան մահացած է 27 Ապրիլ 1521-ին, Ֆիլիփինեաններու պատերազմին ընթացքին:
Հետախուզական արշաւախումբը կազմուած էր 237 անձէ եւ 5 նաւէ. «Թրինիտատ», «Սան Անթոնիօ», Քոնսեփսիոն», «Վիքթորիա» եւ «Սանթիակօ»[2]:
Այս նաւերէն միայն «Սանթիակօ»ն կ'աւարտէ ճամբորդութիւնը: Անոր վրայ կը գտնուէր միայն 18 հոգի, եւ նաւապետ Խուան Սեպասթիէն Էլքանօ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ աշխարհին շրջանը կատարած առաջին ճամբորդը[3]: