Աուկուսթինովիզ
Աուկուսթինովիզ, Տոմպռովսքա Վալատիսլավա նկարչուհի։ Ծնած է 15 Մայիս 1901-ին ի Քրաքով։ Միջին դասընթացքը աւարտելէն յետոյ նկարչութեան կը հետեւի նախ առանձնաբար սորվելով եւ ապա անուանի նկարչուհի Մէխօֆֆէրօվայի դպրոցին մէջ։ 1925-ին նկարիչներու զովողութեան մէջ մտած է։ 1929-ին կ՚ամուսնանայ Տոքթոր Սթանիսլավ Տոմպրովեսքիին հետ որ նմանապէս արուեստագէտ նկարիչ մըն էր։ 1952-ին սկսեալ արդէն կը մասնակցի տեղական նկարահանդէսներու եւ ապա ինքը կը ցուցադրէ իր գործերը՝ Վառշաւիայի, Քարաքովի եւ Չիքակոյի մէջ։ Կը շահագրգռուի մասնաւորապէս Դաշտանկարչութեամբ եւ դիմանկարներով։ Իրեն գործերուն մէջ յիշուելու արժանի են։
Աղբիւրներ Խմբագրել
- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 201: