Աչըք Ռատիօ
Աչըք Ռատիօ
«Ակօս» Ձայնաւոր
ԽմբագրելՊոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի անձնակազմը 10 Նոյեմբեր 2012-էն սկսեալ՝ ամէն Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9ին, «Ակօս»ի ձայնը լսելի կը դարձնէ «Աչըք Ռատիօ»ի հաղորդումով:[1] Ձայնասփիւռի 94.9 յաճախականութեամբ շատ կարճ ալիքի վրայ հաղորդում կատարող «Աչըք Ռատիօ» արդէն ծանօթ ձայնասփիւռի կայան մըն է մտաւորական շրջանակներուն մէջ: «Աչըք Ռատիօ»ն իր հաղորդումներուն մէջ յատուկ տեղ կու տայ գրական, գեղարուեստական, մշակութային եւ յատկապէս ալ շրջապատի խնդիրներու: Նախատեսուած ծրագիրը պիտի պատրաստէ ու ներկայացնէ «Ակօս» թերթի աշխատակազմը: Զանազան նիւթերու մասին կարծիքի փոխանակումներով կայանալիք յայտագիրին մէջ յատուկ բաժին մըն ալ տրամադրուած է Հայերէն լեզուն ծանօթացնելու համար: «Այբ-Բեն-Գիմ» կոչուող այդ հատուածը պիտի ներկայացնէ հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Շուշան Էօզօղուլ:
«Ակօս»-ի ներկայացուցած նախագիծը
ԽմբագրելԱչըք Ռատիօ-ի եթերոով «Ակօս»-ի ներկայացուցած նախագիծը պիտի կոչուի «Ռատիօ Ակօս», որուն ընթացքին Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարբեր իրադարձութիւններու վերաբերեալ պիտի տրամադրուին տեղեկութիւններ եւ հարցազրոյցներ:
Նշենք, որ Աչըք Ռատիօ-ն Նոյեմբեր 1-էն մէկ հետաքրքրական նախագիծ եթեր հանած է` «Հայ գրականութեան նմուշներ»-ը, որուն ժամանակ կ’ընթերցուին 1912-ին Սարգիս Սրենցի կողմէ կազմուած եւ վերջերս վերահրատարակուած «Հայ գրականութեան նմուշներ» գիրքին մէջ տեղ գտած ստեղծագործութիւնները:[2]
Երուանդ եւ Փայլին Թովմասեաններու կողմէ ներկայացուող ծրագրին մէջ կ’ընթերցուին նաեւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններու թրքերէն թարգմանութիւնները:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ««Ակօս» Ձայնաւոր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-26
- ↑ ««Ակօս»-ը Եթեր Պիտի Ունենայ Թրքական Ձայնասփիւռի Մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-26
- ↑ «Ի՞նչ եփեմ»ի նման «Ի՞նչ գրեմ»