Առիւծ Արքայ
Առիւծ Արքայ, 1984-ին պատրաստուած ամերիկեան տեսահոլովակ՝ «Walt Disney Feature Animation» արուեստանոցին կողմէ եւ հրատարակուած՝ «Walt Disney Pictures»ին կողմէ։
«Disney» արուեսատնոցին 32-րդ պատկերական տեսահոլովակն է, եւ 55-րդ տեսահոլովակը` «Disney Renaissance» կոչուած ժամանակաշրջանին։ Առիւծ Արքան արտադրուած է «Ռոճըր Այլըրս»ին եւ «Ռոպ Մինքոֆ»ին կողմէ, աջակցութեամբ «Տոն Հան»ին: Տեսահոլովակին մասնակցողներուն ցանկը պատրաստուած է «Իրէն»ին, «Ճոնաթան Ռոպերթս»ին, եւ «Լինտա Ուոլվըրդոն»ի կողմէ։ Տեսահոլովակին հիմնական երգերը երգահանուած են «Էլթըն Ճոն»ին կողմէ եւ գրուած՝ «Թիմ Ռայս»ին կողմէ։
Տեսահոլովակին մասնակցութիւն բերած է նաեւ «ensemble voice cast»ը, որ կը ներառէ «Մատթէոս Պրոտերիք»ը, «Ըրլ Ճոն»ը, «Ճէրէմի Այրընզ»ը, «Ճոնաթան Թէյլըր Թովմաս»ը, «Մոյրա Քէննիլ»ը, «Նաթան Լէյն»ը, «Էրնի Սապելլա»ն, «Ռովան Արքդինքսըն»ը, «Ռոպերդ Կիւլոմ»ը, «Մատժ Սինքլէյր»ը, «Ուուտի Քոլտպըրկ»ը, «Չիչ Մարին»ը եւ «Ճիմ Քամմինկս»ը։ Դէպքը տեղի կ'ունենայ առիւծին արքայութեան մէջ, որ կը գտնուի Ափրիկէի մէջ, եւ ազդուած է Ս. Մովսէսի պատմութենէն, եւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Համլէթ»էն։
Նիւթ
ԽմբագրելԳլխաւոր հերոսը առիւծ Սիմպան է, որ հօր՝ Մուֆասայէն ետք պէտք էր անասուններու յաջորդ թագաւորը դառնար եւ իր իր տեղը գտնէր բնութեան «Կեանքի շրջանակ»ին մէջ, սակայն հօրեղբայրը՝ Սքարը, դաւադրաբար կը սպաննէ եղբայրը՝ դառնալով թագաւոր, իսկ Սիմպան տարիներ ետք կը վերականգնէ իշխանութիւնը։
Սիմպային՝ հերոս երիտասարդ առիւծին արկածներով լի ճանապարհորդութիւնը հիմք կը հանդիսանայ «Առիւծ արքան» շարժապատկերին[1]:
Երբ Սիմպան ձագ կը դառնայ, Մուֆասան անոր ցոյց կու տայ «Հպարտութեան հողերը» եւ կը բացատրէ թագաւորութեան պարտականութիւնները եւ «Կեանքի շրջանակը», զոր կը կապէ բոլոր կենդանի էակներուն: Օր մը Սիմպան եւ անոր սիրելի ընկերուհին՝ Նալան, կ'ուսումնասիրեն փիղերու գերեզմանոցը, ուր երկուքին կը հետապնդեն երեք բորենիներ՝ Շենզին, Պանզայը եւ Էտը: Մուֆասային կ'ահազանգէ եղջերաւոր Զազուն, եւ կը փրկէ ձագերը: Թէեւ նեղացած Սիմպայէն՝ իրեն չհնազանդելու եւ զինք ու Նալան վտանգի ենթարկելուն համար, Մուֆասան կը ներէ զինք եւ կը բացատրէ, որ անցեալի մեծ թագաւորները գիշերային երկինքէն կը հսկեն անոնց, որոնք օր մը պիտի հսկեն Սիմպային։ Սքար, ծրագրելով յարձակումը, կ'այցելէ բորենիներուն եւ զանոնք կը համոզէ իրենց օգնել սպաննելու ե՛ւ Մուֆասան, ե՛ւ Սիմպան՝ «Հպարտութեան հողեր»ուն վրայ որսի իրաւունքներու դիմաց:
Սքար թակարդ կը լարէ Սիմպային եւ Մուֆասային համար: Մուֆասան կը փրկէ Սիմպան, բայց վտանգաւոր կերպով կախուած է կիրճին եզրէն. ան կը խնդրէ Սքարին օգնութիւնը, բայց Սքար Մուֆասան կը հրէ եւ ան կը մահանայ։ Սքար կը խաբէ Սիմպան, որպէսզի հաւատայ, որ այդ իրադարձութիւնը իր պատճառով եղած է, եւ անոր կ'ըսէ, որ ձգէ թագաւորութիւնը եւ երբեք չվերադառնայ: Երբ Սիմպան կը փախչի, Սքար կը հրամայէ բորենիներուն սպաննել Սիմպան։ Սքար, չգիտնալով, որ Սիմպան ողջ է, կը պատմէ, որ հրմշտոցը սպաննած է ե՛ւ Մուֆասան, ե՛ւ Սիմպան եւ յառաջ կը շարժի իբրեւ նոր թագաւոր՝ արտօնելով բորենիներուն մտնել «Հպարտութեան հողեր»:
Սիմպան կը փրկեն Թիմոն եւ Փումպա անունով երկու փոքրիկ անասուններ: Սիմպան կը մեծնայ իր երկու նոր ընկերներուն հետ իրենց ովասիսին մէջ՝ ապրելով անհոգ կեանք մը: Տարիներ ետք, չափահաս Սիմպան կը փրկէ Թիմոնը եւ Փումպան անօթի առիւծէն, որ, կը պարզուի, թէ Նալան է։ Սիմպան եւ Նալան կը սիրահարուին. վերջինս կը յորդորէ անոր վերադառնալ տուն՝ ըսելով, որ Սքարին օրով «Հպարտութեան հողեր»ուն մէջ երաշտ տեղի ունեցած է։ Մուֆասային մահուան համար մեղաւոր զգալով՝ Սիմպա կը հրաժարի: Ան կը հանդիպի Ռաֆիքիին, որ Սիմպային կը յայտնէ, թէ Մուֆասային ոգին կ'ապրի իր մէջ: Գիշերը Սիմպային կ'այցելէ Մուֆասային ոգին, որ իրեն խորհուրդ կու տայ թագաւոր դառնալու։ Իսկ Ռաֆիքին անոր խորհուրդ կու տայ անցեալէն փախչելու փոխարէն դասեր քաղել: Այնուհետեւ Սիմպա կ'որոշէ վերադառնալ «Հպարտութեան հողեր»:
Ընկերներուն օգնութեամբ, Սիմպա գաղտագողի կ'անցնի բորենիներուն քովէն եւ կը հանդիպի Սքարին: Սքար մեղադրանքներ կ'ուղղէ անոր: Կը սկսի կռիւը: Թիմոնը, Փումպան, Ռաֆիքին, Զազուն եւ առիւծները կը քշեն բորենիները։ Սքար իր բոլոր յանցանքներուն մէջ կը մեղադրէ բորենիները եւ կը փորձէ փախչիլ, բայց իր դիմաց կը գտնէ Սիմպան: Սքար ողորմութիւն կը խնդրէ. Սիմպա կը խնայէ Սքարին կեանքը, հրամայելով անոր ընդմիշտ հեռանալ «Հպարտութեան հողեր»էն։ Սքար կը մերժէ եւ կը յարձակի եղբօրորդիին վրայ, բայց կարճատեւ մարտէն ետք, Սիմպա գետին կ'իյնայ: Բորենիները, որոնք լսած էին, թէ ինչպէս ան դաւաճանած էր իրենց, կը սպաննեն զինք՝ վերջ տալով անոր «սարսափի թագաւորութեան»: Սքարին եւ բորենիներուն անհետանալէն ետք, Սիմպա կը դառնայ թագաւոր, իսկ Նալան կը դառնայ անոր թագուհին: Սիմպան եւ Նալան կ'ունենան նորածին ձագ մը, վերականգնելով «Կեանքի շրջանակ»ը [2]։