Ասլան Արշակ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ասլան Արշակ ատամնաբոյժ, ծնած է 1886-ին Մունճուսուն եւ իր նախակրթութիւնը առած է իր ծննդավայրին Ազգային Մծբնեան, իսկ երկրորդական կրթութիւնը Թալասի Ամերիկեան վարժարանին մէջ, որմէ 1905-ին վկայականը ստանալէ ետք Պոլիս անցած եւ մտած է բժշկական վարժարանը, ատամնաբուժութեան հետեւելու համար: 1909-ին կը ստանայ վկայական: 1914-ին կամաւոր Հայ Լէգէոնական ֆրանսական բանակին մէջ։ Ատամնաբոյժ սպայ Տեղակալ Ատանայի եւ Մերսինի ֆրանսական հիւանդանոցներու: Կիլիկիոյ պարպումէն առաջ գացած է Պոլիս, ուր ֆրանսական Կիւլհանէի հիւանդանոցին մէջ ատամնաբոյժ եղած է երկու տարի: Հոն ամուսնանալէ ետք 1923-ին Պուէնոս Այրէս գացած է իր եղբօրը՝ ծանօթ ճարտարապետ Իսրայէլ Ասլանի մօտ: Արշակ Ասլան եղբայրն է նաեւ Տոքթ. Յովհ. Ասլանի: (Ալպօյաճեան՝ «Հայ Կեսարիա» 2099):
Ասլան Արշակ | |
---|---|
Ծնած է | 1886 |