Ասպարէզ (օրաթերթ)
Ասպարէզ (օրաթերթ) ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ։ 1908ին Ֆրեզնոյի մէջ ծնունդ առած թերթը 1970ականներու սկիզբը Լոս Անճելըս փոխադրուած է, գլխաւորապէս սպասարկելով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առնուազն 500,000 հայութեան, իբրեւ միակ երկլեզու օրաթերթը, հայերէնով լոյս տեսնելով շաբաթը հինգ օր՝ Երեքշաբթիէն Շաբաթ, իսկ Շաբաթ օրերը նաեւ անգլերէնով։
Հետեւելով իր հիմնադիրներուն սկզբունքներուն՝ «Ասպարէզ»ը կը շարունակէ ըլլալ համայնքին համար լուրերու եւ տեղեկութեանց կարեւոր աղբիւրը, վայելելով համայնքին վստահութիւնը։
Ասպարէզի կայքէջի յղումը՝ www.asbarez.com
Ասպարէզի անգլերէն տարբերակը առաջին անգամ 1 Մայիս 1970ին լոյս տեսած էր, իսկ 1997էն ի վեր թերթը նաեւ համացանցի միջոցաւ հասանելի է աշխարհի տարածքին:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, քաղաքին «Ռենըսանս» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը առիթ մըն է մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններ եւ տեղական կազմակերպութիւններ, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին:
Այս տարուան մեծարեալներու շարքին է Ասպարէզը, որուն պիտի շնորհուի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին «Հայ Դատ» մրցանակը, լուսարձակի տակ առնելու եւ գնահատելու համար Հայկական Հարցին եւ համայնքի հայութեան բարգաւաճման ջանքերուն անոր օրինակելի եւ աննկուն նուիրումը։
Ասպարէզի խմբագրութիւնը Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ ճաշի հիւրընկալութեամբ տօնեց թերթին հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Կլենտէյլի Հայ Դատը Իր «Հայ Դատ» Մրցանակը Պիտի Շնորհէ «Ասպարէզ»ին Archived 2019-08-12 at the Wayback Machine.
- «ԱՍՊԱՐԷԶ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ Archived 2023-12-02 at the Wayback Machine.