Ասպիսընկայ Վանք
Ասպիսընկայ Վանք, վերոյիշեալ Ասպիսակ գիւղին մօտ, որ կը կոչուի նաեւ Յարութիւնեան Ս. Ուխտ եւ Ձորոյ Վանք: Վարդան պատմագիր կը յիշէ վանքս, երբ Վահան կաթողիկոսի մահուան մասին կը գրէ, հոս կը վախճանի 965-ին Վահան կաթողիկոս. ուր կար սեղան պատարագի եւ գաւազան Ս. Գրիգորի եւ հողաթափ Հռիփսիմեանց:
1304-ին Յովսէփ քհ. ձեռագիր մը կ'ընդօրինակէ վանքիս մէջ, որուն ստացողն է Սարկաւագ քհ.:
1306-ի յիշատակարանի մը մէջ կը յիշուին վանքիս եկեղեցիներն Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յարութիւն, առաջնորդն է Ստեփանոս, գրիչ՝ ստացող ձեռագրի եւ Յովհաննէս: Այդ տարին վանքս կը նորոգուի կամ կ'ընդարձակուի Պետրոս, Պօղոս եւ Կիրակոս կրօնաւորաց ձեռքով:
1308-ին Ստեփանոս Առաջնորդի օրով Ղազար՝ ձեռագիր մը կ'ընդօրինակէ, որոյ ստացողն է Հայրապետ: 1306-ին Իգնատիոս հոս կ'ընդօրինակէ ուրիշ ձեռագիր մը:
1414-ին Ասպիսընկեցի Յակոբ գրիչ Գր. Տաթեւացւոյ Մատթէի Մեկնութիւնը կ'ընդօրինակէ Սահարվանքի մէջ:
1450-ին Քաջբերունաց Ձորոյ վանքին մէջ Թումա ուսուցիչ Միւա կրօնաւորի՝ ձեռագիր մը կ'ընդօրինակէ, ստացողն է Հայրապետ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 230: