Աստղիկ (անձնանուն)

Աստղիկ, հայկական իգական անուն։ Առաջացած է հայերէն աստղ բառէն։ Հայկ նահապետի աղջկայ անունը եւս Աստղիկ էր։ Թարգմանաբար հրեայ Պարքոփա ապստամբի անունն ալ գրուած է Աստղ։ Հին ժամանակներուն շրջանին չէ գործածուած որպէս իգական անուն, միայն եղած էր չաստուածուհիի անունը։ Որպէս սովորական իգական անուն առաջին անգամ գործածուած է 15-րդ դարուն։ Փաղաքշական ձեւերն են Ասղիկ, Աստղ, Աստօ։[1]

Աստղիկ
Տեսակ Իգական անուն եւ անձնանուն
Սեռ Իգական
Նշանակութիւն Աստղ
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Անուան այլ ձեւեր
Փաղաքշական ձեւեր Ասղիկ, Աստղ, Աստօ
Կապուած յօդուածներ «Աստղիկ» սկսող էջեր

Գործածութիւններ

Խմբագրել
  • Աստղիկ, հայոց չաստուածուհի։ Կը համապատասխանէ յունական, հռոմէական Վեներա եւ ասորական Kaukabhthã աստուածուհիներուն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «աստղ-իկ»։
  • Աստղիկ, կին Մեհեւանի եւ մայր Սարգիս քահանայի, որ «Հաւուց Թառում» թուղթ կը կոկէր Դաւիթ գրիչի համար, երբ վերջինս կը գրէր Մաշտոցը՝ 1423 թուականին։[2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 232։
  2. Թորոս Աղբար, Ա․ 234, Բ․ 339, Այրարատ 357, Նօտարք 73