Աստուածընկալ Վանք
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Աստուածընկալ վանք, վանական համալիր պատմական Նիկ գաւառի կեդրոնական հատուածին մէջ, ներկայիս Արագածոտնի մարզի Երնճատափ եւ Հարթաւան գիւղերու միջակայքին վրայ, կառուցապատուած է 4-13-րդ դարերուն։
Համալիրի Աշխարհագրական Դիրքը
ԽմբագրելԱստուածընկալի վանական համալիրը կը գտնուի Քասախ գետի կիրճի աջ ափի իջուածքին վրայ, գետի աջակողմեան եռանկիւնաձեւ, բարձր բլուրի վրայ։ Տարբեր դարերու կառուցուած ձեռակերտ շինութիւնները ընդհանուր միասնութեամբ մը ձուլուած են շրջապատի բնութեան հետ, հարազատ ու համահունչ են իրեն։ Աջ կողմին վրայ գահավէժ ժայռեր են, ձախին՝ ձորակներով կտրտուած, մինչեւ Քասախ գետը իջնող թեք լեռնալանջեր, ներքեւին՝ ձորը, ուր հոսելով կը հոսի Քասախ գետը, գետի ձախ ափին, եռանկիւնաձեւ բարձունքի վրայ՝ միջնադարեան բերդը։
Անուան Պատմութիւնը
ԽմբագրելԱստուածընկալի անունը յառաջացած է վանքին մէջ պահուող «Աստուածընկալ Սուրբ Խաչ»-ի անունէն։
Ճարտարապետական Կառւյցները
Խմբագրել4-5-րդ դարերու սահմանագիծին Աստուածընկալի վանքի հնագոյն կառոյցներու՝ Սուրբ Աստուածածին միանաւ թաղածածկ պազիլիկ եկեղեցիի, կից խորանի եւ ներփակ սենեակի տեղը ընտրած ու կառուցած են Նիկ գաւառի այն ժամանակի տէրերը՝ Գնթունիները։ 1207-ին գաւառի նոր տէրերու՝ Վաչուտեաններու հովանաւորութեամբ այս եկեղեցին նորոգուած է եւ այդտեղ հաստատուած է վանական մեծ միաբանութիւն։ 1230-ական թուականներու վերջը Արարատեան կողմնակալութեան կողմնակալ-հրամանատար, իշխանաց-իշխան Քուրտ Ա. Վաչուտեանն ու իր կինը՝ Խորիշահ իշխանուհին, աւարտելով Եղիպատրուշի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Վարդենիսի դղեակի ու բերդապարիսպներու կառուցումը ձեռնարկեցին Աստուածընկալի կառուցապատմանը։ 1244-ին աւարտեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին հիւսիսէն կից Սուրբ Նշան եկեղեցիի կառուցումը։ Վաչուտեան ամուսինները Կաթողիկէ եկեղեցիին նուիրած են այգիներ, հողեր Փարպիի, Օշականի, Կարփիի մէջ, մարդիկ, տներ, սպասք, եպիսկոպոսական խաչ եւ գիրք։ Կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է հնագոյն պազիլիկ եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը եւ իր կառուցուածքին մէջ առած է հին եկեղեցւոյ հիւսիսային պատը։ Կաթողիկէն գմբէթաւոր դահլիճ է՝ մէկ զոյգ որմնամոյթերով, խորանի երկու կողմերը կառուցուած կրկնայարկ աւանդատուներով։ Առաջին յարկի աւանդատուներու դռները կը բացուին բեմի վրայ։ Գմբէթը նստած է կողմնային երկու որմնասիւներու եւ կիսասիւներու վրայ հենուած շրջանաձեւ հիմքի վրայ։ Արտաքինէն եկեղեցւոյ արեւելեան ու հիւսիսային պատերը մշակուած են եռանկիւնաձեւ խորշերով, շքեղօրէն տեսանելի դարձուած է հիւսիսային պատի վրայ գտնուող պատուհանը եւ արեւմտեան պատի շքամուտքի վերնամասի խաչը։ Եկեղեցին ունի երկու դուռ։ Ատոնցմէ մէկը կը բացուի պազիլիկ եկեղեցւոյ մէջ, միւսը արեւմտեան ճակատի շքամուտքն է՝ յարդարուած զարդարուն քանդակներով։ Բարաւորի վրայ հաւասարաթեւ, սրածայր խաչերու համադրութեամբ ստացուած են 26 ութաթեւ աստղեր։ Տեսանելիութիւնը ապահովելու համար աստղերը ներկուած են կարմիր, խաչերը՝ սպիտակ։ Հայ ճարտարապետութեան երախտաւոր Թորոս Թորամանեանը նկատած է, որ Կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է,, մօտաւորապէս Անիի Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ձեւով ու չափով,,։ Եկեղեցին գրեթէ ամբողջական պահպանուսծ է մինչեւ 19-րդ դարու 20-ական թուականները։ 1827-ի երկրաշարժէն շինութիւնը վնասուած է, գմբէթի վերնամասը՝ վեղարով, ինկած է, քանդուած են ծածկի կենդոնական հատուածները, թափուած են կտուրի ծածկասալերը։ 1244-էն ետք սկսած է գաւիթի կառուցումը, որ հաւանաբար աւարտած է 1250-ական թուականներու սկիզբը։ Գաւիթը քառասիւն տիպի շինութիւն է։ Կեդրոնական չորս սիւները, որոնցմէ երկուքը կլոր են, երկուքը՝ վեցանիստ, կողմնային որմնամոյթերէն ձգուող թաղ-կամարներով ինը մասի բաժնած են գաւիթի կտուրը։ Կեդրոնական հատուածը դէպի կոնաձեւ երդիկ-լուսանցք բարձրացած է՝ շթաքարէ ձեւաւորմամբ, որ իր տեսակի մէջ լաւագոյններէն է։ Շթաքարէ ձեւաւորում ունէր նաեւ կտուրի արեւելեան հատուածի կեդրոնական մասը։ Որմնասիւներէն դէպի սիւները եւ ատոնք իրար միացնող բոլոր թաղերը կեդրոնը կամ կենտրոնէն քիչ մը տեղաշարժուած կետում իրար կապուած են սնկատիպ կապքարով, որ ճարտարապետական փոքրիկ գիւտ է, այլուր չի կրկնուած եւ ավելի հաստատուն դարձած են թաղերը։ Չորս սիւներու բոլոր խոյակներն ու խարիսխները լուծուած են իւրովի եւ իրար չեն կրկներ։ Արեւելեան զոյգ որմնասիւներու խաչաձեւ ելուստներու վրայ քանդակուած են Ամենափրկիչ տիպի խաչքարեր։ Բաւական հարուստ ձեւաւորում-լուծում ունի գաւիթի արեւմտեան ճակատը։ Այստեղ կեդրոնական մասին շքամուտքն է, որ ձեւաւորուած է երեք շարք տերեւաձեւ շթաքարէ քանդականախշ ուղղանկիւն եզրակալով։ Շքամուտքի վերնամասը սիւնով երկու մասի բաժնուած պատուհանն է։ Պատին վրայ փորագրուած են խաչեր, որոնք բաւական դիտելի դարձուցած են գորշ քարով կառուցուած շինութիւնը։ Գաւիթի արեւմտեան կողմի ձախակողմեան սիւնը երկրաշարժի ցնցումէն կիսուած-ինկած է՝ աւերելով կտուրի հիւսիս-արեւմտեան հատուածը։ Գաւիթի արեւելեան սիւնաշարքի աջակողմեան սեան նիստերէն մէկուն վրայ կ'երեւի երկու տողնոց արձանագրութիւն. ,, Ա/ստուա/ծ ող/որմի/ /պա/րոն Ք/ր/դին,,։ Այս արձանագրութիւնը կը հաստատէ, որ գաւիթը եւս կառուցած է Քուրտ Ա. Վաչուտեանը։ Նոյն սեան թաղին վրայ, բարձրուստ, մոնումենտալ տառերով փորագրոած է,, զՅոհանէս յաղագս յիշեցէք...,, արձանագրութիւնը։ Ելլելով արձանագրութեան դիրքէն՝ թաղի վերնամասը, ենթադրելի է, որ այս Յոհանէսը շինութեան ճարտարապետն է։ Համադրելով Կաթողիկէ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ եւ գաւիթի կառուցողական հար եւ նման ձեռագիրը՝ կրնանք ըսել, որ երկու շինութիւններն ալ նոյն ճարտարապետի գործն են։ Շքամուտքի բարաւորի ներսակողմեան մասը փորագրուած է հիրաւի ձեռագրային արձանագրութիւն. ,, Ձեռս գնա դառնա ի հող, գիրս մնա յիշատակող...,,։
Վերականգնողական Աշխատանքներ
Խմբագրել1990-ական թուականներու կէսերուն եգիպտահայ բարերարի մը հովանաւորութեամբ սկսաւ գաւիթի վերականգնումը։ Գաւիթը, որուն կտուրի փոքր հատուած մըն էր աւերուած, ամբողջովին քանդուեցաւ ու, ցաւոք, այդպես էլ առ այսօր կը մնայ։ 2007-ին պետութիւնը ձեռնամուխ եղաւ այս հոյակապ կառոյցի վերականգնման-փրկութեան գործին։ Առաջնահերթ դիտուեցաւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ վերականգնումը։ Ամրացուած են եկեղեցւոյ պատերը եւ արդէն աւարտին կը մօտենայ գմբէթի ամբողջական վերականգնման աշխատանքը։ Կաթողիկէի աշխատանքները աւարտելէ հետո կը սկսի գաւիթի վերականգնում-վերաշարումը։
Աղիւրներ
Խմբագրել- Յովհաննէս Շահխաթունեանց, Ստորագրութիւն կաթուղիկէ Էջմիածնի և հինգ գաւառացն Արարատայ, հ. 2, Էջմիածին, 1842։
- Թորոս Թորամանեան, Նիւթեր հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան, հ. 1, Երեւան, 1942։
- Վիքթոր Պետրոսեանց /Տիգրան Պետրոսյանց/, Աստուածընկալի վանքը, «Էջմիածին», 1978, թիւ 3։
- Տիգրան Պետրոսեանց, Վաչուտեաններ, Երեւան, 2001, էջ 203-209։