Ատոմ Արծրունի, որդի Սենեքերիմի, թագաւոր կամ իշխան Սեբաստիոյ (1030-1080),

Ատոմ Արծրունի
Ծնողներ հայր՝ Սենեքերիմ Արծրունի?, մայր՝ Խուշուշ Բագրատունի?

Սեբաստիա տեղափոխում

Խմբագրել

1021-ին իր հօրը եւ եղբօր հետ Սեբաստիա կը փոխադրուի, ուր իր եղբօր Դաւիթ թագաւորի մահէն ետք կը նստի հօրենական աթոռին վրայ 1037-ին: Մաթէոս Ուռհայեցի պատմիչ կը գրէ Ատոմի համար «լցիալ առաքինութիամբ եւ սուրբ վարուք ի Քրիստոս Յիսուս, եւ զարդարեալ հեզութեամբ եւ քաղցրութէամբ, ողորմած ի վերայ տառապելոց, դարմանիչ աղքատաց, եւ յոյժ սիրելի կրօնաւորաց դասուն. շինող եկեղեցւոյ եւ բազմացուցիչ վանորէից»:

Դաւադրութիւն

Խմբագրել

Ատոմի իշխանութեան երկրորդ տարին (1038) հայ իշխաննէրէն մին, որ Սենեքերիմի հետ Վասպուրականէն Սեբաստիա եկած էր, նախանցելով Ատոմի եւ եղբօրը՝ Աբուսահլի, ընտանեօք Կ. Պոլիս գնաց եւ Միքայէլ Դ. Կայսեր ներկայանալով ըսաւ, թէ «Ատոմ եւ Աբուսահլ կը պատրաստուին ապստամբիլ եւ չարիք հասցնել, այդ պաճառաւ հեռացայ անոնցմէ եւ ընտանեօք Պոլիս եկայ»: Միքայէլ հաւատալով չարախօս իշխանին մեծ թիւով զօրք ղրկեց Ատոմի վրայ, հրամայելով զօրապետին պահանջեց՝ «եթէ երկու եղբարքը յանձն առնեն ինծի բեր»:

հայ իշխանները իրենց հօր գերեզմանի մօտ

Խմբագրել

Ատոմ եւ Աբուսահլ, հակառակ իրենց Շապուհ սպարապետին կամքին ու յորդորին, չուզեցին պատերազմիլ, ու միասին Վասիլ կայսեր ներկայացան եւ աղաչեցին, որ միասին Վասիլ կայսեր գերեզմանը այցելել: Երբ կայսեր հետ երկու հայ իշխանները գերեզման հասան, Վասիլէն իրենց Սենեքերիմ հօրը տուած նամակը հանելով ինկան անոր գերեզմանին վրայ եւ ըսին. – «Դո՛ւն տուիր մեզի այս գիրը, եւ դուն բերիր մեզ քու աշխարհդ, եւ հիմա դատէ՛ մեզ, ո՛վ հայր, յաջորդներդ կ'ուզեն մեզ բնաջնջել եւ մեր աշխարհը առնել մեր ձեռքէն»: Միքայէլ լսելով այս խօսքերը ի գութը շարժեցաւ, չարախօս իշխանը բանտարկեց եւ զիրենք թագաւորական զարդերով եւ մեծաշուք փառքերով Սեբաստիա վերադարձուց:

Ատոմի հետագայ աշխատանքները

Խմբագրել

Ատոմ 1051-ին միջանտեց Պոլսոյ կայսեր մօտ եւ երաշխաւոր ըլլալով, Պետրոս գետադարձ կաթողիկոսը Սեբաստիա տարաւ, եւ երկու տարի հոն պահեց ու Ս. Նշան վանքին մէջ նստեցուց: 1060-ին Յունաց Կոստանդին Տուկիծ կայսրը երբ մտադրեց Հայերուն Յունադաւան ընել, նախ Ատումն ու Աբուսահլը կանչեց, զիրենք համոզելու համար: Իշխանները միասին տարին Յակոբ վարդապետը, որ պատասխանեց. «մենք ալ դաւանինք. այդ տարաբերութիւնը բառերուն մէջ է»:

Այդ տարին Պարսիկները երբ Սեբաստիոյ վրայ յարձակեցան, Ատոմ եւ Աբուսահլ հայ իշխաններու հետ Խաւատանէք աւանը փոխադրուեցան որովհետեւ ան անառիկ էր ։ Պարսիկները Սեբաստիան աւերեցին: Թագաւորական պալատը կողոպտելէ ետք երբ իրենց աշխարհը վերադարձան, Ատոմ Պոլիս գնաց եւ ատեն մը հոն մնաց:

Գահընկեցութիւն

Խմբագրել

XI դարի առաջին կիսուն, սելճուքեան արշաւանքէն քիչ առաջ, շարք մը հայ իշխաններ, ընդառաջելով Բիւզանդական կայսրութեան քաղաքականութեանը, իրենց կալուածները «կը փոխանակեն» կայսրութեան այլ հողերու հետ։ Աբուսահլը չի յօժարիր այդ գաղափարին. այդ պատճառով իր դէմ կը գրգռէ Բիւզանդիան։ Երբ Ալփ–Արսլանը կը յարձակի Փոքր Ասիոյ վրայ, Ռոմանոս Դիոգենես կայսրը անձամբ Արևելք կու գայ եւ Աբուսահլին ու անոր եղբօրը կը զրկէ իշխանութենէն՝ մեղադրելով «թշնամիին հետ գործակցելու» մեջ։ Աբուսահլը պայքար կը սկսի բիւզանդացի իշխաններու դէմ, սակայն՝ անյաջող։

երբ Ռոմանոս Դ. Դիոժէն կայսրը պարսից դէմ պատերազմելու համար Սեբաստիայէն անցաւ, Ատոմ եւ Աբուսահլ ընծաներով կայսեր ընդառաջ ելան. Այդ կողթի յոյն իշխանները չարախօսեցին ըսելով թէ - «ասոնք են որ Պարսիկները մեզի դէմ կը գրգռեն»:

Կայսրը հրամայեց վերանորոգուած Սեբաստիան աւարի տալ: Ջարդել տուաւ հայերը մինչեւ որ Պոլիսէն եկող յոյն իշխանները միջամտեցին: Ռոմանոսի մօտ թէեւ ջարդը դադրեցուց, բայց Ատոմն ու Աբուսահլ իրենց իշխանութիւնէն վար առաւ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան (հայ.) / Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — 1974. — հատոր 1. — էջ 47
  • Հայոց անձնանունների բառարան, Հրաչյա Աճառյան, Հատոր 1, Ցուցակ 1, Էջ 26-27