Արաքս (թերթ, Ալեքսանտրիա)
«Արաքս», շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1925-1965 թուականներուն, Ալեքսանտրիայի մէջ։ Արտօնատէր եւ պատասխանատու խմբագիր՝ Արամ Ստեփանեան, ապա՝ Շաւարշ Ստեփանեան։ Լուսաբանած է եգիպտահայերու առօրեան, անդրադարձած սփիւռքի իրադարձութիւններուն, աջակցած հայապահպան ձեռնարկումներուն։ Հայրենական պատերազմի տարիներուն թերթը հանդէս եկած է յանուն սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման։
«Արաքսը» լուսաբանած է եգիպտահայերուն, ամբողջ սփիւռքահայութեան հետաքրքրող, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքական հարցեր։ Անոր հիմնական մտահոգութիւնը եղած է հայապահպանութիւնը, սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ կապի սերտացումը, ազգահաւաքը։ Լայն տեղ յատկացուցած է Խորհրդային Հայաստանի իրականութեան, անոր տնտեսական եւ մշակութային կեանքին։