Արեւայրուք, ճառագայթման ազդեցութեամբ մաշկի այրուածք[1]:

Մորթի գոյնի փոփոխութիւն

Խմբագրել
 

Վերնամորթին պարզ մորթի բջիջներուն մէջ կան ընգղայի ձեւով յատուկ բջիջներ` մելանոսայթները: Այս բջիջները մելանին կ'արտադրեն` մորթին տալով անոր գոյնը: Իւրաքանչիւր անհատի իր ծնողներուն կողմէ իրեն անցած ծիները կը բնորոշեն իր մորթին գոյնը: Սակայն անկախ այդ մորթի հիմնական գոյնէն` աշխատող մելանոսայթ բջիջներ ունեցող մորթին գոյնը մութ կը դառնայ, երբ արեւին տակ ըլլայ[2]:

Սակայն արեւուն ճառագայթը չէ, որ այդ փոփոխութիւնը կը յառաջացնէ: Արեւուն ճառագայթը տարբեր յաճախականութեամբ կու գայ: Տեսանելի ճառագայթը միջին յաճախականութիւն է, սակայն ցած (եւ բարձր) յաճախականութեամբ ճառագայթները մարդուն կողմէ անտեսանելի են: Այս բարձր յաճախականութեամբ ճառագայթի տեսակներէն մէկն է անդրմանիշակագոյն ճառագայթը, եւ յատկապէս անոնք են, որոնք մորթին մութ գոյն կու տան: Նախ, մակերեսին վրայի մեռած մորթի բջիջները կը ծծեն այդ ճառագայթներէն մաս մը: Ապա մելանոսայթները կ՛արձակեն իրենց արտադրած մելանինը, որ իր կարգին կը ծծէ այդ ճառագայթներէն մաս մը: Մարդ որքան այս անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ գտնուին, այդքան մելանինի բջիջները կը շատնան, եւ մորթը միշտ աւելի մութ երանգ մը կը ստանայ:

Մազին եւ մորթին միջեւ հակազդեցութիւն

Խմբագրել

Ամրան ընթացքին, օրուան անդրմանիշակագոյն ճառագայթները շատ զօրաւոր են, մեր (անպաշտպան) մորթը աւելի թուխ պիտի դառնայ, ինչպէս մեր մազերուն գոյնը խորհրդաւոր կերպով աւելի բաց պիտի դառնայ:

Մորթը գործարան մըն է, կուտակուած արեան բարակ երակներով սնանող կենդանի բջիջներու խաւեր: Մինչ մազը կենդանի բջիջներ չի պարունակեր: Մազերը կազմուած են 97 առ հարիւր քերաթինէ, փրոթէին մը, զոր կարելի է գտնել նաեւ եղունգներուն եւ անասուններու կոտոշներուն մէջ: Մնացած 3 առ հարիւրը մեծ մասամբ իւղ է. կան նաեւ ջուրի, հանքային աղերու հետքեր եւ մելանին:

Սակայն մելանինը նիւթ մըն է, որ գոյութիւն ունի թէ՛ մազին, թէ՛ ալ մորթին մէջ: Ան է, որ անոնց գոյնը կու տայ. եւ այդ մելանինն է, որ փոփոխութեան կ'ենթարկուի ամառնային պայծառ արեւուն տակ:

Մինչ արեւուն տակ մորթին գոյնը պղնձագոյն կը դառնայ, մազերուն գոյնը կ'անհետանայ: Մազերուն մելանինը կը պատրաստուի անոր արմատներուն մէջ գտնուող մորթին կենդանի բջիջներուն մէջ: Սակայն երբ ան կը գտնուի մազերուն մէջ, ան չի վերանորոգուիր: Երբ անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը մտնեն իւրաքանչիւր մազի թելի մէջ, քիմիական հակազդեցութիւն մը տեղի կ'ունենայ, եւ ան կը փճացնէ մազին մէջի մելանինը: Հետեւաբար, երբ մազերը արեւուն ճառագայթներուն տակ կը գտնուին, անոնք կը սկսին իրենց գոյնը կորսնցնել, ինչպէս ոսկորները` անապատին մէջ: Արդիւնք` մազերուն գոյնը աւելի բաց կը դառնայ, մինչ մորթին գոյնը կը մթննայ: Սեւ մազերը կրնան ստանալ շէկ երանգներ, իսկ սրճագոյն մազերը` դեղին երանգներ:

Աւելի խորունկը գտնուող մազերը կրնան նոյնը մնալ, մինչ դուրսի խաւերուն գոյնը կը թեթեւնայ. նոյն ձեւով, մորթի տարբեր խաւերու տակ գտնուող մորթը կը պահէ իր հիմնական գոյնը: Մորթի այն բաժինները, որոնք ընդհանրապէս միշտ արեւուն ազդեցութեան տակ են, ինչպէս ձեռքերուն վրայի բաժինը, կը պահեն իրենց քիչ մը մութ երանգը նոյնիսկ ձմրան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել