Արեւմտահայ Երաժշտական Մշակոյթը 19-րդ Դարուն

Արեւմտահայ Երաժշտական Մշակոյթը 19-րդ Դարուն։

Արեւմտահայերու մշակութային կեանքի կեդրոնը Կոստանդնուպոլիսն էր, ուր զգալի աշխատանք կը կատարուէր գրականութեան եւ արուեստի զարգացման ուղղութեամբ: Երաժշտական ասպարէզին մէջ 19-րդ դարու առաջին կէսը յատկանշուեցաւ հայկական երաժշտագրութեան ստեղծումով: Միջնադարեան խազային համակարգի անկումէն ետք հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը կ'ենթարկուէր օտար ազդեցութիւններու եւ յաճախ նոյնիսկ անճանաչելի կը դառնար: Հոգեւոր երգերու կատարողները՝ դպիրներն ու տիրացուները, ըստ իրենց քմահաճոյքին առատօրէն կը գործածէին տաճկական երաժշտութեան բնորոշ բազմաթիւ ձայնազարդեր եւ յունական երաժշտութեան ռնգային երգեցողութիւնը: Հոգեւոր երգերը հետագայ աղաւաղումներէ եւ կորուստէ փրկելու համար անհրաժեշտ էր երաժշտագրել զանոնք: Խնդիր դրուած էր ստեղծել հայկական երաժշտագրութեան այնպիսի համակարգ, որ կապուած ըլլալով հին խազային համակարգի աւանդոյթներուն հետ, միեւնոյն ժամանակ յենէր եւրոպական երաժշտագրութեան վրայ: Այդ խնդիրը իրագործեց պոլսահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Համբարձում Լիմոնճեան 1813-1815 թուականներուն: Ան գործածեց քազերու ձեւերը եւ անունները, իսկ եւրոպական իրաժշտագրութենէն գործածեց եօթը հիմնական հնչիւններու թիւը եւ հնչիւններու խմբաւորումը ութեակներով: Այս համակարգը կը կոչուի հայկական երաժշտագրութեան համակարգ, կամ Լիմոնճեանի համակարգ, որ մօտաւորապէս մէկ դար մեծ տարածում ունեցած է եւ պարտադիր մաս կազմած է դպրոցական ծրագիրներուն Շնորհիւ Լիմոնճեանի համակարգին, մեծ քանակութեամբ հոգեւոր եւ ժողովրդային երգեր եւ եղանակներ փրկուած են կորուստէ եւ այլափոխումներէ: Սակայն այս համակարգի հնարաւորութիւնները բաւական սահմանափակ էին, որովհետեւ անիկա ստեղծուած էր միաձայն երաժշտութեան համար եւ կը կիրառուէր մեծ մասամբ երգային երգային երաժշտութեան պարագային: Հետագային, երբ հայ երաժշտութեան մէջ մուտք գորջեց բազմաձայնութիւնը, այդ համակարգը այլեւս չէր բաւարարեր նոր պահանջներուն եւ ան իր տեղը զիջեցաւ եւրոպական երաժշտագրութեան, որ իր հնարաւորութիւններով անհամեմատ կատարեալ էր: 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անձնուէր գործունէութիւն կը ծաւալէին երաժիշտներ Արիստակէս Հովհաննիսեանը (1812-1879), Գաբրիէլ Երանեանը (1827-1862), Նիկողայոս Թաշճեանը ( 1841-1885), Տիգրան Չուխաճեանը (1837-1898) եւ շատ ուրիշներ, որոնք, հիմնելով տարբեր պարբերաթերթեր, կը հրատարակէին հայ եւ արեւելեան երաժշտութիւն, կը կազմակերպէին դասախօսութիւններ, անվճար Symphonique համերգներ: Ստեղծուած էր «Նաում» երաժշտական Թատրոնը, Արեւելեան թատրոնը, օփերէթային թատրոնը: Արեւմտահայերու երաժշտական կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ Սինանեան ընտանիքը, որուն անդամները տարիներ շարունակ նուագախումբով համերգներ տուած են՝ կատարելով եւրեպական եւ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ:

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Նարդուհի Էքիզեան-Մարքոսեան, Պէյրութ, 2017