Արիս Յովհաննէսեան

Արիս Յովհաննէսեան, (1812 - 1878

Արիս Յովհաննէսեան
Ծնած է 1812
Մահացած է 1878

Արիս Յովհաննէսեան ծնած է 1812-ին, ընտանեկան մականունն էր Շալճեան Հօրը անունը Յովհաննէս որ կը բնակէր Պոլսոյ Լանկա թաղը։ Կարճ միջոց մը աշակերտած է Մայր Եկեղեցիի մէջ պապա Համբարձումին եւ յետոյ Տիրացու Եղիշէյի եւ Գարթալցի Յարութիւնի։ Հակառակութեան պատճառով պապա Համբարձումի հրաժարելէն ետքը՝ իր երեք ընկերներէն միայն ինքը Մայր եկեղեցի մնացած էր առանց սակայն ձայնալրութեամբ զբաղելու։ Այս միջոցներուն տպագրիչ Յովհաննէս Միւհենտիսեան պաշտպան կը կանգնի անոր եւ մեծամեծներու դիմում ընելով կը յաջողի զինքը Մայր-Վարժարանի աշակերտներուն դասախօս կարգել տալ։