Արմէն Էլչիեան
Ծնած է 23 սեպտեմբեր 1980
Ծննդավայր Մոսկուա
Քաղաքացիութիւն Ռուսիա եւ Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն « IT Ծրագրաւորում», «Միջազգային դրամաֆինանսական գործարքներ», «MBA/General management»
Աշխատավայր Աւագ խորհրդատու

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արմէն Էլչիեանի ծնողքը՝ Հայրը ծնած է Սիւնիքի Կապան քաղաքը, մայրը՝ Արցախի Մարտակերտի շրջանին Թալիշ գիւղը։ Ծնողքը հանդիպած եւ պսակուած են Երեւանի մէջ եւ 1976 թուականին տեղափոխուած են Մոսկուա։ Արմէն Էլչիեան ծնած է Մոսկուա 1980 թուականին: 19 տարերկանին տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 28 տարեկանին վերադարձած է Մոսկուա:

Կրթութիւն եւ մասնագիտացում

Խմբագրել

2002 թուականին ընդունուած է եւ 2002 թուականին աւարտած Ամերիկիոյ Ֆիլատելֆիայի համալսարանը՝ ուսանելով «Ծրագրաւորում» մասնագիտութիւնը։ Երկրորդ բարձրագոյն կրթութիւնը Ռուսիա ստացած է 2003 թուականին՝ աւարտելով Մոսկուայի տնտեսական համալսարանին «Միջազգային դրամաֆինանսական գործարքներ» մասնագիտութիւնը: 2005 շարունակած է ուսումս Հարվըրտի համալսարանին մէջ՝ «MBA/General management» ուղղութիւնով, ուր 2007 թուականին ստացած է մագիստրոսի կոչումը:

Մասնագիտական գործունէութիւն

Խմբագրել

Առաջին մասնագիտական քայլերը եղած է IT (ծրագրաւորում) ոլորտին մէջ։ 2002 թուականին դասաւանդած է Ծրագրաւորում Ֆիլատելֆիայի համալսարանին մէջ, յետոյ 2002-2005 թուականներուն աշխատած է, որպէս ծրագիրներու նախագիծող միջազգային «Քսերոքս» ընկերութեան մէջ։ Շուկայագիտութեան մասնագէտի որոկաւորում ստանալէ ետք 2006-2008 թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ճոնսոն եւ Ճոնսոն» ընկերութեան մէջ զբաղած է բժշկական սարքաւորումներու համար շուկայագիտութեան ռազմավարութիւններուն մշակումով, յետոյ՝ Ռուսիոյ մէջ GPS համակարգերու մշակումով: 2008-2010 թուականներուն աշխատած է, որպէս մասնաւոր ընկերութեան բիզնես խորհդատու՝ կեդրոնանալով Ռուսիոյ եւ յետխորհրդային երկիրներու կրթական հաստատութիւններու զարգացումով: 2010 թուականին կազմած է իր անձնական համալսարանը, որ հիմնուած էր ժամանակակից հեռահար արհեստագիտութեանց վրայ: Համալսարանիս մէջ կը սորվէր աւելի քան 1000 աշակերտ: 2012 թուականէն ի վեր Ռուսիոյ մէջ գործող մասնաւոր խորհրդատուական ընկերութեան գործընկերներէն մէկն է: Կը զբաղի ոչ արդիւնաւէտ աշխատող ընկերութիւններու վերազինումով, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսաւորումներու նախագիծերով:

Հայեցիութիւն

Խմբագրել
  Ինչ կը վերաբերի ազգային պատկանելիութեանս, ապա մինչ 25 տարեկանս ես ինքզինքս ռուս կը համարէի եւ Հայաստանի մասին քիչ բան գիտէի: Երբեմն կ'այցելէի Հայաստան, սակայն հայերէնով չէի խօսեր: Միայն անունով ու արտաքինով էի հայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրիլը ու տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներիու հետ ծանօթութիւնը քաջալերած են զիս հետաքրքրուելու արմատներովս: 33 տարեկանին ես սկսած եմ հիմնաւոր ուսումնասիրելու արեւելեան ու արեւմտեան հայերէնները եւ մինակս տարբեր աղբիւրներով սորված եմ հայոց լեզուն: Ես ունիմ յստակ ու չկրկնուող դիրքորոշում մը, քանի որ կը գնահատեմ հայեցիութեան բոլոր կողմերը: Որպէս մարդ, ով եկած է արտասահմանէն, ով հաւասար բարձր կը գնահատէ մեր մշակոյթին արեւելեան ու արեւմտեան ուղղուածութիւնները եւ ով անաչառօրէն կրնայ գնահատել հայերուն ուժեղ ու թոյլ կողմերը՝ առանց նախապաշարմունքներու ու տոկմաներու: Արմէն Էլչիեան  


Գրական գործեր

Խմբագրել

Հիմնական գրական գործերուն ցանկը կ’ընդգրկէ հետեւեալ ինքնակենսագրական նոթերը.

  • Երկկողմանի նախանձը (2015)
  • Խաշկերոյթ (2015)
  • Փառասիրութեան ցաւալի դասը (2015)
  • Գայիանէն (2015)
  • Աստծոյ նուէրները (2015)
  • Հարսանեկան կարաոկէն (2015)
  • Հիասթափութիւն (2015)
  • Թանգարանային գիշերը (2015)
  • «Մամա». մի երգի պատմութիւն (2015)
  • Երկու համերգ, երկու երգիչ (2015)
  • Ռուսական հովտաշուշանը (2015)
  • Հիւանդանոցում (2015)
  • Մի հանդիպում օդանաւակայանում (2015)
  • Անիծուած բնակարանը (2015)
  • Ամենակարեւոր որոշումը (2015)
  • Հայելու միջով (2016)
  • Երջանկութեան որոնումները (2016)
  • Վախճան, զարթօնք եւ յարութիւն (2016)
  • Հրեշտակի մը թեւերը (2019)

Երաժշտութիւն

Խմբագրել

Փոքր տարիներէն ունեցեր է սէր երաժշտութեան հանդէպ: Ընդունուած է Մոսկուայի երաժշտական դպրոցը, սակայն միայն երեք տարի սորված է հոն:

Հայերէնով ձայնագրած երգերուն ցանկը կ’ընդգրկէ հետեւեալ երաժշտական գործերը.

  • ժողովրդական երգերը acapella ոճով՝ «Չինար ես» (հեղինակ՝ Կոմիտաս) եւ «Թամամ աշխարհ» (հեղինակ՝ Սայեաթ-Նովա),
  • Ռոբերտ Ամիրխանեանի հեղինակութեամբ երգերը՝ «Քո աչքերի խաւարում» եւ «Կարմիր Ծաղիկ մը գարունի» (թէ՛ acapella ոճով, թէ՛ աւանդական գործիքաւորումով),
  • Առնօ Բաբաջանեանի հեղինակութեամբ «Չքնաղ երազ» երաժշտական գործը,
  • Էլուինա Մակարեանի հեղինակութեամբ ճազային «Սէր Աստծոյ» երգը,
  • Մոցարթի յայտնի դասական գործին հիման վրայ գրուած «Ռեքուիեմ» երգը:

Արմէն Էլչիեան Մոսկուայի մէջ գտնուող ձայնագրման արուեստանոցի մը համասեփականատէրն է: Ձայնագրման արուեստանոցին միւս համասեփականատէրը Ալեքսէյ Ռոստով է, ով Ռուսիոյ ամենատաղանդաւոր երաժիշտներէն, երգեցողութեան ուսուցիչներէն, գործիքաւորողներէն ու երգահաններէն մէկն է: Արուեստանոցէն ներս կը ձայնագրուին վառ ու տաղանդաւոր գործիքաւորողներ ու երգիչներ ինչպէս Ռուսիայէն, այնպէս ալ արտերկիրէն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել