Արշաւիր Կէօնճեան

Դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեան փրոֆեսէօր եւ գիտահետազօտութեան վարիչ եւ նաեւ գիւտարար բազմաթիւ թեքնիք բնագաւառներուն մէջ, «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի գլխաւոր հիմնադիրներէն: Ազգային ղեկավար: Սփիւռքահայ յայտնի գործիչ: Ան գիտնական եւ համայնքի ղեկավար՝ Գանատայի հայկական համայնքի յայտնի աւագ աշխոյժ անդամ ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ։ Ան Գանատայի հայկական առաջին դպրոցի եւ համայնքային շարք մը ենթակառուցուածքներու հիմնադիրն է:

Արշաւիր Կէօնճեան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն փրոֆեսէօր եւ գիտահետազօտութեան վարիչ
Աշխատավայր Մոնթրէալի McGill համալսարանին մէջ փրօֆէսօր եւ գիտահետազօտութեան վարիչ
Ամուսին Նատիա Կէօնճեան
Երեխաներ Անոյշ եւ Լոռի: Թոռնուհի՝ Ալեքսիա Կէօնճեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեան երկար տարիներ Մոնթրէալի McGill համալսարանին մէջ «Quantum Electronics»-ի բնագաւառին մէջ եղած է փրոֆեսէօր եւ գիտահետազօտութեան վարիչ եւ նաեւ գիւտարար բազմաթիւ թեքնիք բնագաւառներուն մէջ։

Ըլլալով Գանատահայ ծանօթ ազգային ղեկավար դէմք՝ բնականաբար, Մոնթրէալահայութիւնը աւելի ծանօթ է անոր տարբեր առիթներով իր ունեցած առաջնորդող եւ վերլուծական կուռ ելոյթներով տեղական կամ համագաղութային ազգային լուրջ նիւթերու մասին: Համագաղութային, ազգային իր բազմերես գործունէութեան հետ զուգընթաց եւ նոյնիսկ աւելի եւս շեշտուած կերպով բեղուն վաստակ մը ունի գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան աշխարհին մէջ։

Հայաստանի անկախացումէն ետք, Դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան յայտնի ատենապետը ազատական ու ռամկավարական գաղափարախօսութեան տարածման գործին մէջ ունեցաւ կարեւոր դեր, մանաւանդ հիմնադրելով «Ազգ» օրաթերթը:

Պետական Պարգեւ եւ Ճանաչում Խմբագրել

28 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ՝ Ն. Վ. Julie Payette Դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեանին շնորհեց Member of Order of Canada գանատական պետական բարձր ճանաչում եւ պարգեւատրում:

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Իր Ազգային Գործունէութեան 50 Ամեակին առթիւ Խմբագրել

14 Մարտ 2009-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Ալեք Մանուկեան կեդրոնը լեցուած էր Մոնթրէալի հայութեան, ամերիկահայ ծանօթ ազգայիններու, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարներու կողմէ, որոնք փութացած էին հայաշատ կեդրոնններէ մասնակցելու համար այն մեծարանքին, որ կ'ընծայուէր ի պատիւ Տքթ. Արշաւիր Կէօնճեանի աւելի քան կէս դարու իր բոլորանուէր ծառայութիւններուն որպէս երախտիք։ Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ատենապետը՝ Ռուբէն Միրզախանեան, որ այս ուրախ առթիւ յատկապէս եկած էր Մոնթրէալ բերելու իր եւ հայրենիքի Թէքէեանցիներու ողջոյնները: Ան այս առթիւ յոբելեարին կուրծքը զարդարեց Թէքէեանի Ադամանդակուռ Արարատի թիւ 16-րդ շքանշանով:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուեցաւ հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսի:

Աղբիւրներ Խմբագրել