Արուեստական մարմնամարզութիւն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Արուեստական մարմնամարզութեան մէջ մարզիկները լարախաղացութիւններ կ'ընեն։ Ստեղծուած է 18-րդ դարուն։ Ամէն տարի տեղի կ'ունենայ համաշխարհային խաղերը, բացի Ողիմպիական խաղերու տարիները։
Մրցակցութիւն
ԽմբագրելՄրցումը բաժնուած է 2 ճիւղի՝ խումբի աջակցութիւն եւ անհատական։ կիները կը ներկայացնեն 4 տարբեր մարմնակրթական գործադրում ՝ յատակը, թռիչքը, անհաւասար պարերը ու հեծանը։ Տղամարդիկ 6 տարբեր ձեւեր կ'անցնին՝ յատակ, Pommel Horse, Still Rings, թռիչք, զուգահեռական պարեր եւ անշարժ պարեր։
Նշանագրութեան օրէնք
ԽմբագրելԱյս մարզանքի աւանդական նշանագրութիւնը միշտ 10-ին վրայ եղած է. շատ հազուագիւտ էր լաւագոյն նիշը ստանալ: Նատիա Գոմանեսիի (Nadia Comãneci) նման որ 10 բռնեց անհաւասար պարերուն շնորհիւ։ 2006-ին նոր նշանագրութեան դրութիւն եղաւ։
Կէտ հաշուել
ԽմբագրելԱնոր համար, հիմա մարզիկի նիշը կազմուած է 2 նիշէ, առաջինը՝ 10 կէտ կատարումին վրայ, երկրորդը՝ 6 կամ 7 կէտ դժուարութեան համար։ Ամէնալաւերուն, համաշխարհային մարզիկները 16-17 կը ստանան (կատարում ՝10 + 6 կամ 7 դժուարութեան համար)։ Կատարումի նիշին մէջ, դատաւորները կը վերցնեն անկումի եւ անկատարութեան նիշերը, ինչպէս որ ծալլուած սրունքները, թեւերը եւայլն…։
Լաւագոյն մարզիկները
ԽմբագրելԱրուեստական մարմնամարզութիւնը շատ դժուար մարզանք է, ինչպէս իւրաքանչիւրը։ Բարձր մակարդակի հասնելու համար, մարզիկները տարիներ պէտք է վարժուին եւ վախը մոռնան։ հիմակուան լաւագոյն մարզիկները Ամերիկայէն են (USA) ՝ Սիմոն Պիլս (Simone Biles), Կապրիելլ Տուկլաս (Gabrielle Douglas), Ալէքսանտրա Ռայզման (Alexandra Raisman)։ Նատիա Գոմանեսին (Nadia Comãneci) կը մնայ առաջին մարզիկը որ ստացաւ լաւագոյն նիշը (10) անհաւասար պարերուն հետ Մոնթրէալի (Montréal) Ողիմպիական խաղերու ընթացքին 1976-ին։ Վերջին 10 նիշը տուած է Լաւինա Միլոսուիսի (Lavinia Miloșovici) իր յատակէն վերջ, Պարսէլոնայի մէջ (Barcelone), 1992-ի Ողիմպիական խաղերու ժամանակ։