Արջի աղբիւր
Արջի աղբիւր, աղբիւր Արցախի Հադրութի, Դիզափայտ լերան լանջին։ Ըստ Աւանդութեան գիւղին անտառէն արջ մը դուրս գալով կը սկսի բարձրանալ Դիզափայտ լերան գագաթը։ Յանկարծ աղբիւր մը կը բխի, որմէ կուշտ ջուր խմելէ ետք կը շարունակէ իր վերելքը՝ դէպի Դիզափայտ լեռ, բայց հասնելէ ետք ան կայծակնահար կ'ըլլայ եւ գետին կը տապալի։ Կ'ըսուի, թէ այս աւանդութեան հետ կապուած է աղբիւրին անունը[1]: