Արփի (թերթ)
«Արփի», պատկերազարդ շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1913-1914 թթ., Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Հ.Տէր-Աստուածատրեանց։ Պարբերականի էջերուն մէջ քննարկուած են ժամանակի հայկական ու միջազգային հասարակական քաղաքական կարեւոր համարուող խնդիրները, Պալքանեան պատերազմի իրադարձութիւնները եւ այլն։ Յօդուածներ նուիրած է արեւմտահայութեան եւ անոր ապագան, ռուսամետական դիրքերէն, առնչած է Ռուսաստանի արեւելեան քաղաքականութեան հետ։ Արտայայտած է Անդրկովկասի մէջ կապիտալիստական յարաբերութիւններու զարգացման օգտին, խրախուսած տեղական արդիւնաբերութեան զօրեղացումը՝ ի հակակշիռ օտար կապիտալի։
«Թատրոն», «Երաժշտութիւն», «Ծիծաղ», «Խելքի աշխարհ» եւ այլ խորագրերով նիւթերուն մէջ լուսաբանած է Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս հայ մշակութային իրադարձութիւնները, տպագրած երգիծական մանրապատումներ եւ ծաղրանկարներ։ «Արփի»-ի մէջ հրատարակուած են հայ գրողներու ստեղծագործութիւններ, թարգմանութիւններ ռուս եւ եւրոպական գրականութենէն։