Աւաթար՝ Վերջին Օդի Կախարդը

Աւաթար՝ Վերջին Օդի Կախարդը (անգլերէն՝ Avatar The Last Airbender), ամերիկեան շարժապատկեր մըն է, հեռուստահաղորդումի մը բաժնուած, ստեղծուած է՝ Մայքըլ Տանթէ Տիմարթինոյի (անգլերէն՝ «Micheal Dante Dimartino») եւ Պրայան Քոնիեցքոյի (անգլերէն՝ «Brian Konietzko») կողմէ, որոնք նաեւ շարժապատկերի արտադրողներէն են, ներառեալ, Ահարոն Էհազը («Aaron Ehasz»): Հեռուստահաղորդումը ունեցած է 3 եթերաշրջան, որոնք ցուցադրուած են Նիգելոդեոնի («Nickelodeon»-ի) վրայ[1], 2005, Փետրուար 23-էն սկսեալ, մինչեւ Յուլիս 19, 2008: Շարժապատկերը միացուցած է «Անիմէ»-ի եւ ամերիկեան ծաղրանկարներու ոճը, եւ արեւելեան մշակոյթներու միաբանութիւնը։ Այս պատճառով, շարժապատկերը իբրեւ «Անիմէ» նկատելը կամ ոչ, վիճաբանութիւններու խնդիր մը դարձած է։

Աւաթար՝ Վերջին Օդի Կախարդը
Avatar: The Last Airbender
Բեմադրիչ

Lauren MacMullan
Dave Filoni
Giancarlo Volpe
Ethan Spaulding

Joaquim Dos Santos
Արտադրիչ

Michael Dante DiMartino
Bryan Konietzko

Aaron Ehasz
Հիմնուած

Michael Dante DiMartinoMichael

Bryan Konietzko
Երաժշտութիւն

Jeremy Zuckerman

Benjamin Wynn
Արտադրող
ընկերութիւններ
Տեւողութիւն
22 վայրկեան
Երկիր Միացեալ Նահանգներ
Լեզու Անգլերէն

Պատկերասփիւռի հաղորդումը տեղի կ'ունենայ յօրինուած աշխարհի մը մէջ, ուր որոշ մարդիկ կրնան կառավարել 4 բնական տարերքներ՝ յայտնի որպէս «Կախարդանք» (անգլերէն՝ Bending): Պատմութիւնը կը հետեւի 12 տարեկան «Աանկ» («Aang») կոչուած նախագուսանի եւ իր ընկերներուն արկածները, եւ որու նպատակն ու պարտականութիւնն է աշխարհի խաղաղութիւնը վերահաստատել, Կրակի Տիրակալին յաղթելով, եւ այդպիսով 3 ազգերուն միջեւ 100 ամեակ պատերազմին վերջ տալով[2]: Առաջին համարը ցուցադրուած է Փետրուար 21, 2005-ին[3], եւ աւարտի 2 ժամանոց համարը, որ շատ գովեստ ստացաւ, ցուցադրուած է Յուլիս 19, 2008-ին։ Հեռուստահաղորդումը ստանալի է զանազան աղբիրներէ, որոնցմէ կը նշենք՝ DVD, «iTunes Store», «The Zune Marketplace», «The Xbox Live Marketplace», «The Playstation Store», «Netflix», «Amazon Instant Video», եւ «Nicktoons Network»[4]:

Աւաթարըը մեծ յաջողութիւն ունեցած է հանդիսատեսներուն մօտ, Եւ արժանացած է քննադատներու դրական արձանագանքին[5] : Պատկերասփիւռի հաղորդումը գովեստ ստացած է իր արուեստին, նուրբ հեգնութեան, մշակութային վերագրութեան, կերպարներուն, եւ շարադրութիւններուն համար։ Էբիզոտի ամէնէն բարձր սակագրումը հասած է մինջեւ 5.6 միլիոն հանդիսատես[6]: Շարժապատկերը արժանացած է «Annie Awards», «The Genesis Awards», «The Primetime Emmy Award», «Peabody Award» եւ այլ մրցանակեր։

Շարժապատկերին հիման վրայ նաեւ ստեղծուեցան՝ ժապաւէն մը, «The last Airbender» վերնագիրով, «M. Night Shyamalan» իբրեւ տեսուչ, կարտեր, Վիտէօ խաղեր, կոմիքսներ, եւ Լէկօ Գոնսդրուգտնորներ։ Շարժապատկերին շարնակութիւն մը «The Legend օf Korra» անունով, ցուցադրուեցաւ 2012-էն մինչեւ 2014:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. DiMartino Michael Dante, Konietzko, Bryan (2006)։ «In Their Elements»։ Nickelodeon Magazine (Winter 2006): 6 
  2. «Element of Shyamalan in "Airbender"»։ The Hollywood Reporter։ Nielsen Business Media, Inc.։ January 9, 2007։ արտագրուած է՝ May 3, 2008 
  3. «The Boy in the Iceberg»։ Avatar: The Last Airbender։ IGN։ February 21, 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 24, 2013-ին։ արտագրուած է՝ July 21, 2008 
  4. «BitTorrent Launches Download Platform»։ worldscreen։ February 26, 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն January 20, 2008-ին։ արտագրուած է՝ March 19, 2007 
  5. Fitzgerald Toni (June 10, 2005)։ «Aang the Avatar, our kids' newest hero»։ Media Life Magazine։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ May 6, 2015-ին։ արտագրուած է՝ July 23, 2013 
  6. Carlsbad (January 24, 2006)։ «Article on Launch of Avatar Card Game»։ PR Newswire