Աւետարանոց (նախապէս՝ Չանախչի), գիւղ Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանին մէջ`կեդրոնէն 38 քմ հարաւ։ Եղած է Վարանդա գաւառին կեդրոնը եւ մելիքներու նստավայրը։ Կը գտնուի Քիրս լերան ստորոտը` 1200 մ. բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 800 հեկտար։ Բնակչութիւնը՝ 1150 (2003)։ Կը զբաղին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ այգեգործութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց (Ի. Աթաեանի անուան), մշակոյթի տուն, հիւանդանոց եւ դարմանատուն։ Աւետարանոցին եւ շրջակայքին մէջ պահպանուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցին (ԺԳ. դար), Ս. Նշան Կուսանաց անապատ (ԺԵ. դար), Սրբոց Ղեւոնդեանց վանքերը, Վարանդայի մելիքներու գերեզմանները, Մելիք-Շահնազարեաններու ապարանքները եւ տոհմական դամբարանները, բազմաթիւ խաչքարեր եւ այլն։

Բնակավայր
Աւետարանոց
ազրպ.՝ Çanaqçı
Երկիր Արցախ
ԲԾՄ 1119 մեթր
Բնակչութիւն 920 մարդ (2005)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Գիւղին յուշարձաններուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Կուսանոց անապատը: Անիկա կը գտնուի գիւղին հարաւ-արեւմուտքը` բլուրի մը վրայ: Արեւմուտքէն անիկա պաշտպանուած էր պարիսպով, որմէ պահպանուած են կիսաւեր աշտարակները:

Եկեղեցւոյ մուտքին վերի արձանագրութեան համաձայն` անիկա կառուցուած է 1616-ին: Ժամանակին հոս հոգեւոր-մշակութային կեդրոն մը եղած է, որու մասին կը վկայեն ինչպէս գրաւոր աղբիւրները, այնպէս ալ հին վանքին մնացորդները (Ե-Է. դարեր պազիլիք): Այդ աւերակներուն տեղ հիմնուած է անապատ՝ Գայեանէի վանք անունով՝ 1616-ին եւ կեդրոնական եկեղեցին` 1651-ին:

Միջնադարուն բնակավայրը շրջապատուած է հզօր պարիսպներով:Կարգ մը տեղեր պահպանուած են կառոյցներու մնացորդներ:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ Սարգիս Ջալալեանցի՝ Ե. դարուն Վաչէ Բ. արքան, ինքզինք Քրիստոսի Աւետարանին նուիրելով, Աւետարանոց կու գայ եւ ճգնաւորի կեանք մը կ'ապրի: Այս դէպքէն ետք գիւղը կը կոչուի Աւետարանոց[1]: ԺԹ. դարու վերջը Ե.Լալաեան Աւետարանոցին մասին կը գրէ.

  Այժմ Չանախչին նման է գիւղաքաղաքի: Բազմաթիւ գեղեցիկ եւ եւրոպական ճաշակով յարդարուած տները, բաւականին բարւօք տեսք ունեցող խանութները բոլորովին փոխել են գիւղի տեսքը: Գիւղում գործում է երեք մետաքսէ գործարան, որոնք մեծ դեր ունեն տնտեսական ոլորտում:  

Աւետարանոցը Արցախեան պատերազմին ընթացքին

Խմբագրել

1990-ին Աւետարանոցին մէջ կազմաւորուած է կամաւորական ջոկատ մը (հրամանատար՝ Յ. Ստեփանեան), որմէ ետք 1991-ի վերջը վաշտ մը ստեղծուած է։ Աւետարանոցի հրամանատարներ եղած են Յ. Ստեփանեանը, Ա. Ղարամեանը, Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած են Յ. Ստեփանեանը, Ա. Համբարձին Մէջեանը, յետմահու՝ Ա. Հայրապետեանը, Մ. Յովսէփեանը եւ Կ. Գադեանը։ Գիւղէն զոհուած է 12 ազատամարտիկ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Աւետարանոց գիւղ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2020-11-06 
  2. Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ.1988-1994, Ե., ՀՀՀ, 2004, էջ 83։