Աւետիս Քհնյ. Քէլլէեան

Տ. Աւետիս Քհնյ. Քէլլէեան

Տ. Աւետիս Քահանայ Քէլլէեան
Ծնած է 1875
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 1908
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնիայ
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով Նազարէթ, որդի Աւետիսի եւ Ծաղիկի, ծնած է Այնթապ, 1875-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնթապի Վարդանեան վարժարանէն ներս, զոր աւարտելէ ետք քանի մր տարի հետեւած է աոեեւտրական աշխատանքներու, սակայն մտած է ուսուցչական ասպարէզ ու պաշտօնավարած Ներսկսեան վարժարանին մէջ։

1896-ին հրաւիրուած է Հոոմկլայի մօտ՝ էհնէշ աւանի հայոց վարժարանին մէջ ուսուցչութեան պաշտօնի։

Ընտրած է իր կեանքի րնկերը կարապետ Մահսերկճեանի դուստրր՝ Ովսաննան, որուն հետ պսակուած է1899-ին։

Ան ընտանիքը փոխադրած է Էհնեշ, ուր ծնած է իր անդրանիկ զաւակր՝ Աւետիսը 1901-ին։

1903-ին ճիպինի Հայ գաղութը զինք րնտրած է իր եկեղեցւոյ քահանայութեան թեկնածու։ Ան րնդունած է ժոողովուրդին որոշումը եւ պատրաստուած է կրօնական կեանքի։

Իր քահանայական ձեոնադրութիւնը տեղի ունեցած է Տ. Խորէն Եպիսկոպոսի ձեոամբ Ուրֆայի մէջ եւ վերակոչուած է Տ. Աւետիս։

1908-ի Օգոստոսին, տէր հայրը արեւահար կ՛ըլլայ. սաստիկ կր հիւանդանայ։ Անմիջապէս զինք Պէրէճիք կը տանի բժիշկը։ Բոլոր զարմանումները ապարդիւն կ'անցնին եւ ևրիտասարդ տէր հայրը հողին կ'աւանդէ, խոր սուգի մատնելով իր ժողովոշրդը։ Մևծ շուքով կր կատարուի թաղման ու օծման արարողութիւնր։ Մարմինր կ'ամփոփուի ևկեղեցւոյ մկջ, 1908-ին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 87։