Աւետիս (թերթ)
Աւետիս (կամ՝ Awedis) Լեհահայ պարբերաթերթ է, հրատարակուած Լեհահայերու Մշակոյթի եւ Ժառանքութեան Հիմնադրամի կողմէ, Լեհաստանի մէջ։ Թերթը հիմնուած է 2009 թուականին Արմեն Արթվիչի կողմէ։[1]
Պարբերաթերթեը ընկերային եւ մշակութային բնոյթ ունի, կեդրոնացած Լեհաստանի սփիւռքահայութեան վրա։ Լուրերէ զատ, նաեւ կան յօդուածներ լեհահայութեան պատմութեան ու ժառանքութեան մասին։[2][3] Պարբերաթերթի հիմնական լեզուն լեհերէնն է, բայց նաեւ կան յօդուածներ որոնք հայերէնով կը հրատարակուին եւ կամ դէպի հայերէն կը թարգմանուին։[4]
Յօդուածագիրերը լեհահայեր են, որոնք կա՛մ նոր Լեհաբնակ են, կամ ալ երկար ժամանակ Լեհաստան կ՚ապրին։ Յօդուածագիրերը կը ներարեն՝ Մոնիքա Ակոբովիչ, Էտկար Բրոյեան, Պոկտան Քասփարովիչ, Ժպիկնիվ Քոսքով, Ռոմանա Օպրոչքկա, եւ Արա Սայեղ)։ Պարբերաթերթը նաեւ ունի ներկայութիւն Հայաստան, Արեւելեան Եւրոպա, Ֆրանսա, եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Լեհ ակադեմիկոսներ նաեւ յաճախ կը հրատարակեն յօդուածներ թերթին մէջ։
Պարգեւատրութիւններ
Խմբագրել2012 թուականին, պարբերաթերթը կը ստանայ Սփիւռքի Մետիա Մրցանակը, «հայ ինքնութեան պահպանման գործով նշանակալի աւանդի համար, տպագիր մամուլ բաժին», պարգեւատրուած Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ։[5]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Armen Artwich, Ormianin: Imigranci po legalizacji swego pobytu mają prawo oczekiwać sprawiedliwego traktowania»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 April 2014-ին։ արտագրուած է՝ 29 August 2013
- ↑ George Bournoutian։ «Report From Poland»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 February 2015-ին։ արտագրուած է՝ 29 August 2013
- ↑ «Awedis paper published in Poland»։ արտագրուած է՝ 29 August 2013
- ↑ «"Аведис" ("Awedis") - газета армян Польши»։ արտագրուած է՝ 29 August 2013
- ↑ «"Awedis" zwycięzcą konkursu!»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 17, 2013-ին։ արտագրուած է՝ 17 August 2013