Աւետիք (անձնանուն)

Աւետիք, հայկական արական անուն։ Առաջացած է հայերէն աւետիք «բարի լուր» բառէն։ Անուան Աւետիս տարբերակը լայնօրէն կը գործածուի արեւմտահայերու մօտ։ Կաrճ ձեւերն են՝ Աւտիս, Վիտիս, Վիտի, Աւիս, Աւետ, Աւօ։ Կը գործածուի 12-րդ դարէն։[1]

Աւետիք
Տեսակ արական
Սեռ Արական
Նշանակութիւն Լաւ լուր
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Անուան այլ ձեւեր
Փաղաքշական ձեւեր Աւետիս, Աւետ, Աւօ
Չշփոթեցնել Avetik?
Կապուած յօդուածներ «Աւետիք» սկսող էջեր

Գործածութիւններ

Խմբագրել
  • Աւետիս, քառասուն վկաներէն մէկը, որ նահատակուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ։[2]
  • Աւետ քահանայ, որ Միջագետքի մէջ սովի ժամանակ, վաճառեց իր ունեցուածքը եւ բաժնեց սովահարներուն ու սկսաւ ճգնական կեանք վարել։[3]
  • Աւետիս երէց, որ 1171 թուականին Մանազկերտի Խազղունք գիւղի Ստեփանոս քահանայէն գնեց հին Աւետարան մը ու նուիրեց եկեղեցւոյ։[4]
  • Աւետիս, գրիչ, 1176 թուականին Կամրջաձորի վանքին մէջ՝ առաջնորդ Քրիստափորի հրամանով, ընդօրինակեց Սամուէլ Անեցիի ժամանակագրութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 330։
  2. Յայսմ․ մրտ․ 9
  3. Վրդ․ հա, Չամչ․ Գ․ 48
  4. Ձեռագիր, Վենետիկ, Ա․ 545