Բաբգէն Քհնյ. Զէնեան

Բաբգէն Քհնյ. Զէնեան, աւազանի անունով Ասատուր, որդի Յովհաննէսի եւ Ֆէրիտայի, ծնած է եագուպիէցի ծնողքէ, Եագուպիէ, 1926-ին։

Բաբգէն Զէնեան
Ծնած է 1926
Ծննդավայր Եագուպիէ
Մահացած է 16 Յունուար 2009
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Դպիր, ապա սարկաւագ եւ ի վերջոյ դպրապետ
Ծնողներ Քահանայ
Երեխաներ Շողիկ, Սօսիկ, Ծովիկ, Նուպար, Լուսին, Մարալ եւ Զեփիւռ

Ասատուր ունեցած է երկու եղբայրներ՝ Դաւիթ եւ Յարութիւն։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Եագուպիէի Ազգ. Վերածնունդ Վարժարանը, զոր աւարտած է 1939-ին։ Ապա, բարձրագոյն ուսում ստանալու համար, նոյն տարին դիմած է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1944-ին։

Ան կեանքի ասպարէզ ընտրած է ուսուցչութիւնը։ Առաջին անգամ ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է Այն- Արուսի Ազգ. վարժարանը մէկ տարի, 1944-1945։ Յաջորդաբար պաշտօնավարած է հետեւեալ շրջանները՝ Արամօ, 1945-1956, Ճսըր-Շղուր՝ 1946-1950, Եագուպիէ՝ 1950-1964 եւ ապա՝ Լաթաքիոյ Ազգ. Նահատակաց վարժարանին մէջ, 1964-1978։

Նոյն տարիներուն վարած է դպրապետութեան պաշտօն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Մանկութենէն մօտ եղած է եկեղեցւոյ։ Նախ եղած է դպիր, ապա սարկաւագ եւ ի վերջոյ դպրապետ։

Ան իր համեստ պայմաններով պատրաստուած է ամուսնութեան։ Ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ Կարապետ ու Էլիղ Պոյմուշագեանի դուստրը՝ Եսթերը, որուն հետ պսակուած է 15 Մարտ 1952-ին Եագոպիէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Տէր Դանիէլ Ա. քահանայ Գէորգեանի։ Ունեցած է եօթ զաւակներ՝ Շողիկ, Սօսիկ, Ծովիկ, Նուպար, Լուսին, Մարալ եւ Զեփիւռ։

Ան եագուպեացի հայրենակիցներուն փափաքին ընդաժաջելով, որոշած է քահանայ ձեռնադրուիլ Եագուպիէի համար։

Իր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են ձեռամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ մէջ, 11 Յունիս 1978-ին, վերակոչուելով Տէր Բաբգէն քահանայ։

Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ անցնելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ նշանակուած է հոգեւոր հովիւ եագուպիէի փոքրաթիւ հայ գաղութին եւ ուսուցիչ՝ Ազգ. Վերածնունդ վարժարանին։

Իր հայրենակիցներուն մէջ քահանայագործելը իրեն համար շատ հեշտ թուացած է, որովհետեւ լաւապէս ճանչցած է անոնց հոգեբանութիւնը, մտայնութիւնը, կենցաղն ու տեղական բարքերը։

Մեծ կարեւորութիւն տուած է դպրոցին։ Տարիներու իր ուսուցչական հարուստ փորձառութիւնը ի սպաս դրած է կրթական հաստատութեան։ Կազմակերպած է դպրոցին վարչական կեանքը, ներդաշնակած է տնօրէն-ուսուցիչ յարաբերութիւնը եւ զօրացուցած՝ Համագործակցութեան ոգին, որպէսզի արդիւնաւորի կրթական աշխատաննքը։

Ան ոգի ի բռին լծուած է աշխատանքի կրթական ու հովուական մարդերուն մէջ՝ գիւղին հայկական կեանքը վերաշխուժացնելու հեռանկարով։ Բայց ափսո՜ս, որ երկար չէ տեւած. անակնկալ ուղեղային կաթուածը զինք անկողին նետած է 1984-ին, աւելի քան երկու ամիս, հազիւ վեց տարուայ քահանայական վաստակ ունեցած։

Ժամանակ մը ետք, երբ իր առողջական վիճակը բարելաւուած է, փորձած է հովուական աշխատանքը շարունակել։ Այդ վիճակով միայն չորս տարի քահանայագործած է 1984-1988։ Չորս տարուան փորձառութիւնը իր մէջ գոյացուցած է այն համոզումը, թէ կարելի չէ վատառողջ վիճակով քահանայագործել, հետեւաբար, պէտք է հանգստեան կոչուիլ։ Ուստի, դիմած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի պարտն ու պատշաճը տնօրինէ։

Առաջնորդ Սրբազանն ու Կրօնական Ժողովը ընթացք տալով իր փափաքին, 1989-ին զինք հանգստեան կոչած են, ամէն ամիս իրեն ու երէցկնոջ վճարելով հանգստեան թոշակ, Հալէպի քահանայից սնտուկէն։

Այդ թուականէն սկսեալ տեղւոյն գաղութը մնացած է առանղ հոգեւոր հովիւի։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, ամէն շաբաթ կը մեկնէր Կիրակի օր պատարագելու։ Իսկ ամրան եղանակին, իւրաքանչիւր քահանայ 15 օրով Եագուպիէ կը մնար։ Այս դրութիւնը շարունակուած է մինչեւ Եագուպիէի համար Տէր Վարդան քահանայ Մարտիրոսեանի ձեռնադրութեամբ։

Քահանայագործելէ երբ դադրած է, ինքզինք նուիրած է ընթերցասիրութեան եւ ոտանաւորներ գրելու գրական աշխատանքին։

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, վախճանած է 16 Յունուար 2009-ին։

Թաղմանական կարգն ու վերջին օծումը կատարուած է Թեմիս Առաջնորդ՝ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ, 18 Յունուար 2009-ին, Ս. Աննա մատրան մէջ եւ մարմինը ամփոփուած է տեղւոյն Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Ան իր ետին թողած է քառասուն տարիներու ուսուցչութեան եւ տասը տարիներու քահանայութեան վաստակ, ինչպէս նաեւ ընթերցասէր, դաստիարակ ու ոտանաւոր գրող հոգեւորականի մը յիշատակը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 266։