Բարձր Հայքի Կանացի Զգեստներ


Բարձր Հայքի Կանացի Զգեստներ, Կարին նահանգի կանանց զգեստները յատուկ են իրենց կերպարի տեսակներու եւ գոյներու մէջ: Ամէնօրեայ, տօնական եւ կամ հարսանեկան զգեստները բոլորն ալ ունեցած են միատեսակ ձեւաւորում, սակայն տարբեր զարդարում: Կանանցի տարազները բոլոր գաւառներուն մէջ ալ ունեցած են հետեւեալ մասերը.

  • Ճերմակեղէն
  • Լրացուցից ներքնազգեստ
  • Գլխու զարդարանք
  • Ագանելիք

Աղջիկներու զգեստները երկու մասերու կը բաժնուէին. առաջինը կը հասնէր մինչեւ 18-20 տարեկան, իսկ երկրորդ մասը անկէ ետք: Այս երկու խմբաւորումները իրարմէ կը տարբերուէին միայն գլխու զարդարանքով:

Կարին հարուտ եղած է արհեստներով եւ առեւտուրի զարգացումով՝ շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին. այս մէկը իր անդրադարձը ունեցած է նաեւ տարազներու վրայ, որոնք յատուկ եղած են բազմատեսակութեամբ եւ ճոխութեամբ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հայկական Տարազներու Պատկերագիրք», Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչութիւն, էջ 17-19։