Բեմագրութիւն
Բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն «սենարիօ», շարժանկարի մը պատրաստութեան հիմք ծառայող գրութիւնը, անոր համառօտ պատմութեամբ եւ խօսակցութիւններով, կը կոչուի բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն կամ տակաւին միջազգային գործածութեան հասած բառով մը «սենարիօ»։ Ճիշտ կ'ըլլայ այս վերջինը նկատել թատերգական տեսակ մը, մանաւանդ եթէ ստեղծագործ արտադրութիւն է եւ ո՛չ պատշաճեցում, արդէն գոյութիւն ունեցող պատմողական կամ թատերգական գործ մը։
Բեմագրութիւնը իբրեւ բնագիր կը յիշեցնէ թատերգութեան։ Բայց բնականաբար աւելի անկախ է բեմական հրամայականներէ՝ հեղինակային նշումներէ, որոնք թատերգութեան մէջ կը նկատենք, որ քանի մը բառը չեն անցնիր, հոս կրնան աւելի երկար ըլլալ եւ ուրուագիծ՝ պատմութեան։