Բիւզանդիան Քոմնենոսներու Թագաւորութեան Ժամանակ

Բիւզանդական կայսրութիւն կամ բիւազնթիա, պատմաբաններու կողմէնբնականօրէն ոգտագործուող եզրոյթ է, որ նկարագրած է միջնադարեան Հռոմեական հունախօս կայսրութիւնը։ Վերջեինս 395 թուականին բաժնուած է արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու։ Ի տարբերութիւն Արեւմտեան Հռոմեական Կայսրութեան, որը կըրծանեցաւ 476 թուականին, բուզանդական կայսրութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1453 թուականը, երբ այն նուաճեցին թուրք-օսմանները։

Բիւզանդական կայսրութեան պատմութեան 1081-1185 թուականներէն մինչեւ ինկած ժամանակահատուածը կը կոչուի «կոմենոսեան դարաշրջան», քանի որ այդ մէկ տարուայ ընթացքին այն կառաւարուած է Կոմենոսներու հարստութեան կողմէ։ Հարստութիւնը ունեցաւ 5 ներկայացուցիչ (Ալեքսիոս Ա, Հովհաննես Բ, Մանուիլ Ա, Ալեքսիոս Բ եւ Անդրոնիկոս Ա), որորնց օրերով կայսրութիւնը ունեցաւ նշանակալից, բայց վերջիվերջոյ անաւարտ ռազմական, տարածքային, տնտեսական եւ քաղաքական դիրքի վերականգնում։

Այս դարաշրջանին Բիւզանդիան խաղաց կարեւորագոյն դեր խաչակիրներու արշաւանքներուն եւ ունեցաւ ահռելի մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութիւն Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրական ծովի Վազանի երկիրներուն մէջ։ Ալեքսիոս Ա-ը ունեցաւ կարեւորագոյն դեր խաչակիրներու արշաւանքներու կազմակերպման գործին մէջ, իսկ Հովհաննես եւ Մանուիլ Կոմնենոսները ունեցան մեծ ազդեցութիւն նոր ստեղծուած խաչակիրներու պատմութիննեէրու նկատմամբ։

Այս դարաշրջանը Բիւզանդիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի միջեւ կապերու զարգացման կարեւորագոյն փուլն է։ Վենետիկցի եւ այլ իտալացի վաճառականները դարձան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսի բնակիչներ (մօտ 60-80,000), եւ անոնց ու բազմաթիւ լատին վարձականներու շնորհիւ բիւզանդական, գիտական եւ արդիւնաբերական նուաճումները, մշակոյթը եւ գրականութիւնը տարածուեցան Արեւմտեան Եւրոպայով։ Այս ամենը ունեցան նշանակալից եւ երկարատեւ ազդեցութիւն լատինական Արեւմուտքի վրայ։

Կոմնենոսները մեծ դեր խաղացին նաեւ Փոքր Ասիայի կյանքին մէջ։ վերանուաճելով թերակղզիի մեծ մասը՝ անոնք երկու դարով հետաձգեցին թուրքերու առաջախաղացքը։ Այս ժամանակաշրջանին կառուցուած ամռութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունեցան Փոքր Ասիոյ ռելիէֆի կերտման գործին վրայ։