Բուրվառ
Բուրվառ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եկեղեցական սպասներէն
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԲուրվառը եկեղեցական ծիսակատարութեան ընթացքին, շարժուն այն խնկամանն է, որ սարկաւագը մասնաւոր կշռոյթով կը խնկարկէ եւ խունկի բուրմունքով կը լեցնէ ողջ եկեղեցին: Բուրվառը ընդհանրապէս շինուած կ'ըլլայ արծաթեայ մետաղով: Բուրվառը կը բաղկանայ հետեւեալ մասերէն.- Կրակամանը, որ հաստատուած կ'ըլլայ մասնաւոր պատուանդանի մը վրայ: Անոր կողերուն հաստատուած են երեք շղթաներ 50-75 սմ. երկայնքով, որոնք օղակուած են կլոր, կափարիչանման փոքր սկաւառակի մը: Շղթաները կը կրեն 12 բոժոժներ, որոնց հնչականութիւնը մասնաւոր կշռոյթ կու տայ սարկաւագի խնկարկութեան պահուն: Կրակամանը շարժուն կափարիչ մը ունի, որուն կեդրոնէն բարձրացող շղթան օղակուած է վերը երեք շղթաներուն միջեւ՝ փոքր եւ կլոր սկաւառակին, սարկաւագը մատնեմատով վեր կը հանէ կեդրոնական շղթան եւ կրակամանին կափարիչը կը բարձրանայ: Բուրվառի երեք շղթաները կը խորհրդանշեն Ս. Երրորդութիւնը. իսկ կեդրոնի շղթան կը հաստատէ Միաստուածութիւնը:
Գործածութիւն
ԽմբագրելԲուրվառի պաշտօնը վերապահուած է սարկաւագին, որուն բացակայութեան օրուան Առաջնորդին հաւանութեամբ եւ թելադրութեամբ արտօնութիւն կը տրուի ուրարակիրներուն՝ խնկարկութիւն կատարելու: Եկեղեցական իշխանութիւն ունեցող բոլոր կղերականները մասնաւոր առիթներով իրենք եւս կը կատարեն խնկարկութիւն, յատկապէս եկեղեցական բացառիկ արարողութիւններուն: Սարկաւագը որեւէ խնկարկութենէ առաջ խունկը օրհնել կու տայ աւագերէցին կամ օրուան եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետող հոգեւորականին եւ ապա կը կատարէ խնկարկութիւնը:
Խնկարկութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ
ԽմբագրելԽնկարկութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ վաղ ժամանակներէն եկող սովորութիւն մըն է, սերտօրէն կապուած՝ հայ ծէսին եւ ժամանակագրութեան: Խնկարկելով նախ կը հայցենք Աստուծոյ օրհնութիւնը հաւատացեալներուն վրայ, եւ բարձրացող ծուխին ընդմէջէն կ'ուզենք տեսնել աղօթքին բարձրացումը առ Աստուած: Եկեղեցւոյ մէջ կը խնկարկենք ամէն առաւօտ ժամերգութեան սկիզբը, երբ «Տէր, զի բազում...» սաղմոսը կը կարդացուի, Ս. Աւետարանի ընթերցման սկիզբը, Օրհնութեան եւ Հոգեգալստեան շարականներուն երգեցողութեան «Փառք ի բարձունս...» փառաբանանքին, «Լոյս զուարթ...»ի երկրորդ բաժնին՝ «Եկեալքս...»ին, «Սուրբ Աստուած...» երեքսրբեան օրհնութեան, անդաստանի տեառնագրութեան ընթացքին, եւ Ս. Պատարագին Ս. Սկիհի վերաբերման եւ գլխաւոր երգերու պարագային:
Աղբիւրներ
Խմբագրել«Ծիսական Գիտելիքներ», Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Անթիլիաս, 2014