Գաղափարական սեռ
Գաղափարագրական Սեռի Երկեր, բնոյթով ոչ-գեղարուեստական սեռ։ Այս սեռին բնորոշ հիմնական ու միակը գիծը ի տարբերութիւն միւս սեռերուն։
Գաղափարագրական կը կոչենք, այն երկերը, որոնք իրենց նիւթը կ՝ առնեն գրականութենէ, արուեստներէ, մշակոյթէ, ինչպէս եւ երբեմն ընկերա-քաղաքական մարզերէ, կը ներկայացնեն երեւոյթներ, կ՝ընեն հարցադրումներ՝ ցուցաբերելով մտաւորական որոշ որակ։
Իրենց ընդհանրական նիւթով, կամ մարզով, գաղափարագրական երկերը կրնան վերաբերիլ.
- Արուեստի գործերու գրականութեան կամ այլ արուեստի
- Գրական-գեղարուեստւսկան երեւոյթներու՝ ընդհանրապէս
- Մշակութային-մտածողական երեւոյթներու ընդհանրապէս
- Ընկերա-քաղաքական երեւոյթներու եւն.։
Իրենց եղանակով կամ խորացման աստիճանով, գաղափարագրական երկերը կրնան ըլլալ՝
- Պարզապէս ներկայացնող
- Փաստարկող-բանավիճող
- Մեկնաբանող-վերլուծող
Իրենց ձեւով, Անոնք կրնան ըլլալ, օրինակ՝ տոմս, հրապարակագրական յօդուած, փորձ կամ ուսումնասիրութիւն։