Գէորգ Կիւլիւզեան

Գէորգ Էֆենտի Կիւլիւզեան (1840, Մա­րա­շի գաւա­ռի կեդրոն Մա­րաշ քաղաք - 1885), հայ բժիշկ։

Գէորգ Կիւլիւզեան
Ծնած է 1840
Ծննդավայր Մա­րա­շի գա­ւա­ռի կեդ­րոն Մա­րաշ
Մահացած է 1885
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Մա­րա­շի թա­ղա­պե­տա­կան բժիշ­կ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Կիւլիւզեան ծնած է 1840-ական թթ., Հալէպի նահանգի Մա­րա­շի գա­ւա­ռի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Դաւանանքով եղած է աւետարանական (բողոքական)։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Ստացած է գործնական (ոչ ակադեմիական) բժշկական կրթութիւն։ Եղած է Մարաշի թաղապետական բժիշկը։ Եղած է «ար­ժա­նա­ւոր» եւ «փոր­ձա­ռու» բժիշկ։

1890 թուականին հնդախտով (‏քոլերա) վարակուած եւ անյոյս հիւանդ Սմբատ Բիւրատի (գրող եւ հրապարակախօս, 1862-1915) եւ ուրիշ շատերու կեանքը փրկած է «Համ­լին միքս­չըր» դեղով։ 1890 թուականին քաղաքական պատճառներով ինքն ու իր յղի կինը բանտարկուած են Մարաշի բանտին մէջ, ուր օգնած է իր կնոջ ծննդաբերելուն։ Եղած է ազնիւ, բարի, անձնուէր, իր գործը լաւ իմացող անձնաւորութիւն։

Ժողովուրդը զինք կոչած է «հի­ւանդ­նե­րու հայ­րիկ»։ 1895 թուականին սպաննուած է Մարաշի հայկական ջարդի ժամանակ «անօ­րէն եւ ան­խիղճ» թուրք Հայտար աղայի կողմէ, որ առիթով մը հայերու շրջանակին մէջ այդ մասին մանրամասնօրէն պատմած է «յո­խոր­տա­նօք եւ պար­ծե­նա­լով»։ Եղած է մօտաւորապէս 50 տարեկան։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Բիւրատ Սմբատ, Բանտէ բանտ, Կ. Պոլիս, 1910։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
  • Մարաշի Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը, Ե., 2013, 464+16 էջ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։