Գիշի
Գիշի կամ Գիշ, գիւղ Արցախի Մարտունիէն՝ 11 Քմ արեւմուտք՝ 650 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 1920 հեկտար։ Բնակչութիւնը կը զբաղի այգեգործութեամբ, հացահատիկներու եւ բանջարներու մշակութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց, մշակոյթի տուն եւ դարմանատուն։ Գիշի մէջ կայ Ս. Մինաս եկեղեցւոյ աւերակները եւ Ոսկէ խաչ մատուռը։
Բնակավայր | |
---|---|
Գիշի | |
ազրպ.՝ Kiş | |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
ԲԾՄ | 700 մեթր |
Բնակչութիւն | 1234 մարդ (2005)[1] |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Պատմամշակութային կառոյցներ
ԽմբագրելԳիշի գիւղը յայտնի է հնավայրերով եւ դամբարաններով: Գիշի մէջ միջնակարգ դպրոցին մէջ կը պահուին հնավայրերէն յայտնաբերուած կարասներ, ճենապակեայ ափսէներ, ուլունքներ, կորեկի եւ ցորենի հատիկներ:
Ղլեն խութ բերդատեղի
ԽմբագրելԳիշի, Մուշկապատ եւ Ճարտար գիւղերու արանքը գտնուող Ղլեն խութ բերդատեղին կը գտնուի բարձր լերան կատարին: Բերդին հարաւային եւ արեւմտեան կողմերը անանցանելի ժայռեր են:
Բերդին մէջ տեղ-տեղ դեռ կը պահպանուին հին ժամանակներէն շինութիւնններ: Բերդին շրջակայքը գտնուած են հնադարեան գործիքներ:
Քարանձաւներ
ԽմբագրելԲերդին վարի մասը կը գտնուին քարանձաւներ, որոնք ամրոցին պաշտպանական համակարգին մէջ մտած են:
Գիշին Արցախեան ազատամարտի ընթացքին
Խմբագրել1989-ին Գիշի մէջ կազմաւորուած է կամաւորական ջոկատ մը (հրամանատար՝ Մ. Գասպարեան)։ Ջոկատը առաջին ինքնապաշտպանական մարտերը մղած է Գիշիի եւ Մուշկապատ գիւղի սահմանամերձ տարածքին մէջ, 1991-1994 թուականներուն առանձին, ապա՝ Մարտունիի պաշտպանական շրջանի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ, մասնակցած է ԼՂՀ Մարտունիի (Ճարտար, Մուշկապետ, Ավդուռ, Նորշէն, Աշան եւ այլն) եւ այլ շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։
Գիշիէն հրամանատարներ եղած են Մ. Գասպարեան, Վ. Իշխանեան եւ Սերժիկ Շամամեան։ ԼՂՀ «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած են՝ Սերժիկ Շամամեան (յետ մահու), Լ. Բաբաեան, Վ. Իշխանեանը եւ Կ. Իշխանեան։ Գիշիէն զոհուած է 32 ազատամարտիկ[2][3]։
Վարանդայի այս ականաւոր գիւղը նշանաւոր է իր հնավայրերով, թմբային, կարասային, քարարկղային, դագաղային ձեւերու թաղումներով եւ դամբարաններով։ Ղլեն Խութ բերդատեղին՝ Գիշին առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, Մուշկապատ եւ Ճարտար գիւղերու արանքը, լերան կատարին որ բաւականին բարձր է։
Հոս հնագոյն բերդին քարէ հաստ պատերուն հետքերը դեռ կը պահպանուին, աշխարհիկ շինութիւններու մնացորդները եւս։ Բերդը շրջանաձեւ է, բերդին շրջակայքը գտնուած են ջնարակուած կաւեղէնի մնացորդներ, աղիւսի կտորներ եւ խեցեղէն անաւարտ իրեր։ Հաւանական է, որ հոս եղած է խեցեգործական արհեստանոց։
Հնադարեան քարանձաւներ կան բերդէն քիչ մը վար, որոնք հնագիտական տեսակէտէն հետաքրքրական են եւ ամրոցին պաշտպանական համակարգին մաս կը կազմեն։
Գիշիի միջնակարգ դպրոցին թանգարանին մէջ հետաքրքրական հաւաքածոյ կը կազմեն Ղլեն-Խութ, Բըբըհաջ, թրծուած մութ գոյնի կճուճները, գծանախշերով սափորները, ճենապակեայ սիսեները, զանազան ձեւի ուլունքները, խաղողի քարացած սերմերը, կորեկի եւ ցորենի հատիկները։ Անցեալին հոս բնակիչներուն հիմնական զբաղումներէն եղած են խաղողագործութիւնը եւ դաշտավարութիւնը։ Այսօր անոնք Գիշիի գիւղատնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն կը համարուին։
Գիշի-Մարտունի հատուածին մէջ յայտնաբերուած եւ լաւ ուսումնասիրուած նոյնպիսի նիւթերու հետ համեմատումը ցոյց կու տայ անոնց նմանօրինակութիւնը Աղջկաբերդ-Առաջաձեր-Գետաբեկի յուշարձաններուն, որոնք յատկապէս Փոքր Կովկասի մէջ տարածուած են, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ։[4]
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Յուշարձան՝ Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուածներուն
-
Յուշարձան՝ Արցախեան պատերազմի զոհուածներուն
-
Աղբիւր «Բբջամալ»
-
Գերեզմանոց «Ոսկէ խաչ»
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ http://census.stat-nkr.am/nkr/1-5.pdf
- ↑ Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988-1994). հանրագիտարան, Ե., 2004, էջ 161։
- ↑ Մկրտչեան Շահէն (1985)։ Լեռնային Ղարաբաղի Պատմաճարտարապետական Յուշարձանները։ Երեւան: Հայաստան։ էջ 162։ ISBN 4902020000
- ↑ Մկրտչեան Շահէն (1985)։ Լեռնային Ղարաբաղի Պատմաճարտարապետական Յուշարձանները։ Երեւան: Հայաստան։ էջ 162։ ISBN 4902020000