Գիսաւորներ
Գիսաւորներ (անգլերէն՝ comet), երկնային փոքր մարմիններ, ցեխոտ սառցակոյտեր, որոնք գլխաւորաբար կու գան Օըրթ «ամպէն»: Այդ հսկայ ամպի զանգուածներու գումարը չնչին է, հաւասար լոկ հինգ երկրագունդի:
Գիսաւոր աստղեր կը կազմուին, երբ անջրպետին մէջ ժայռի կտորներ մեծ արագութեամբ տեղափոխուին, ապա մտնեն երկրագունդին մթնոլորտին մէջ, այրին եւ կազմեն լուսաւոր գիծեր[1]:
Գիսաւորները ունին երկարաւուն ձուաձեւ ուղեծիր եւ Արեւու շուրջ պտոյտի երկարատեւ պարբերութիւններ (period), որոնք կրնան տեւել դարեր եւ նոյնիսկ հազարամեակներ:
Երբ գիսաւորը Արեւուն մօտենայ, զայն կազմող թեթեւ նիւթերը կը շոգիանան եւ կը կազմեն երկու պոչեր, որոնք ուղղուած կ’ըլլան Արեւու հակառակ ուղղութեամբ, որովհետեւ Արեւու ճառագայթները «կը փչեն» դէպի դուրս: Փոշեայ պոչը միշտ ետ կը մնայ կազային պոչէն, որովհետեւ շատ աւելի ծանր մասնիկներէ կազմուած է: Գիսաւորը Արեւու մօտ կը մնայ միայն մի քանի ամիս:
Գիսաւորներու թիւը անյայտ է որովհետեւ անոնք կրնան Հալէ-Պափի նման պտոյտի շատ երկար պարբերութիւններ ունենալ։ Ոմանք կ’ենթադրեն, թէ «Բեթղեհեմի Աստղը» Գիսաւոր մըն էր[2]:
Պաստերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ ««Քասինի»-ի Վերջին Թռիչքը Դէպի Երեւակ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-05-06։ արտագրուած է՝ 2021-02-28
- ↑ «Դիւապետի Կռանը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-04-27։ արտագրուած է՝ 2021-02-28