Գողթն Գաւառի Կանացի Տարազներ
Գողթնի հայկական կանացի տարազները, կ՛արտացոլէին Մեծ Հայքի Վասպուրական աշխարհի այս գաւառին նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի իւրայատկութիւնները: Գողթնի կանացի տարազները ունէին երկու տարբերակ. առաջինը՝ աւանդական, իսկ երկրորդը՝ քաղաքային: Տարազները կը բաղկանային հետեւեալ մասերէն. ճերմակեղէն, վրայի շապիկ, վերնազգեստ, գօտի, վերարկու, կրծկալ, գլխազարդ եւ ագանելիք (գուլպայ եւ կօշիկ):
Տարազը
ԽմբագրելՎրայի շապիկը նման էր Սիւնիքի տարազներուն: Վերնազգեստը կը կարուէր գոց կարմիր մետաքսէ, իսկ երիզին գոյնը կանաչ էր: Տաք վերնազգեստը թաւիշէ մուշտակն էր:
Գողթնի կանացի տարազը ունէր ճոխ զարդարանքներ։ Զգեստին եզերքը կը զարդարուէր ոսկեթելով հիւսուած ժապաւէնով, իսկ թեւերը ճոխ զարդարուած էին արծաթէ գնդաձեւ եւ երկարաւուն կախիկներով ու խողովակաձեւ զարդերով։
Ցուրտ եղանակի համար նախատեսուած տաք վերնազգեստը կը կարուէր կարմիր կամ կապոյտ թաւիշ կտորով եւ կ՛երիզուէր աղուէսի մուշտակով։
Գողթնի հայ կանացի տարազին մաս չէր կազմեր գոգնոցը։
Գօտին
ԽմբագրելԱմուսնացած կիները կը կրէին ոսկի կամ արծաթ գօտիներ, որոնք ցոյց կու տային կնոջ ընտանիքին դիրքն ու բարօրութիւնը։ Նաեւ կը կարծուէր, որ յատուկ զարդանախշերով ու հմայիլներով զարդարուած այս գօտիները զանոնք կրողին կը պաշտպանէին չար ուժերէ։
Գլխազարդերը
ԽմբագրելԳողթնի աղջիկները պարզ գլխայարդանքներ ունէին: Մազերը եօթը հատ հիւսք կ'ընէին, իսկ գլուխը կը ծածկէին կարմիր գլխածածկոյթով:
Աղջիկներուն հետ համեմատած, կիներուն գլխազարդերը բաւական բարդ էին։ Կիները իրենց մազերը երկու հիւսք կ'ընէին: Գլխուն կը կապէին ճերմակ շղարշ, որուն վրայ կը դնէին բարձրադիր ճակտոց դինզը։ Ճակտոցը ընդհանրապէս կ՛ասեղնագործուէր ոսկեթել բուսանախշերով եւ թռչնազարդերով եւ որմէ կը կախէին արծաթեայ դրամներէ, գնդիկներէ, բոժոժներէ եւ գունաւոր կիսաթանկարժէք քարերէ կազմուած զարդարատախտակներու շարանը: Ճակտոցին վրայէն տարեց կիները կը գործածէին ճերմակ շղարշ: Գողթնի կիները կը գործածէին քթկալ, որ կը կարէին զանզան գոյներով անձեւ կտորներէ: Գլուխը կը ծածկէին մետաքսէ թելերով կարուած ծաղկաւոր գլխաշորով, որուն վրայ կը կախէին կեռազարդը:
Քանի որ գլխու յարդարանքը հաւաքելը եւ զայն նորէն դնելը շատ բարդ գործ էր, կիները երբեմն կը նախընրէին օրերով (նաեւ գիշերով) չհանել իրենց գլխազարդերը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Պատկերագիրք հայկական տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 25։
- «Հայկական տարազի զարդանախշման ժողովրդական եղանակները XIX-XX դարերում», Նազիկ Աւագեան, Երեւան, էջ 88, 89: