Գործելու Մեքանիզմ
Գործելու Մեքանիզմը (mechanism of action) կը վերաբերի կենսաքիմիական այն գործընթացին, որուն միջոցով դեղատեսակը կը դրսեւորէ իր ազդեցութիւնը: Այս հասկացութիւնը կը վերաբերի դեղերու գործելաձեւին` մարմինի մոլեքիւլային (molecule) մակարդակին վրայ: Նաեւ` «գործելու մեքանիզմ» հասկացողութիւնը երբեմն կ'օգտագործուի դեղի ընդհանուր արձագանգը կամ ազդեցութիւնը նկարագրելու, օրինակ` մարդը ի՛նչ կը զգայ այդ դեղը առնելէ ետք[1][2]:
Որոշել «Գործելու Մեքանիզմ»ը
ԽմբագրելՕգտագործելով հակապիոթիքներու օրինակը, երբ գիտնականները տարրալուծարաններու մէջ կը հետազօտեն հակապիոթիքներու բուժման յատկութիւնները, անոնք կրնան տեսնել, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ են տարբեր դեղատեսակները` որոշ պաքթերիաներու դէմ պայքարելու: Անոնք ուշադրութեամբ կ'ուսումնասիրեն բջիջները եւ կը հետեւին, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը փոխազդեն: Անոնց դիտարկումները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՞ս դեղատեսակը կ'ազդէ պաքթերիաներու վրայ եւ կը սպաննէ զանոնք:
Երբ անոնք կը խօսին այն ճշգրիտ ձեւին մասին, որմով դեղը կը գործէ թիրախի վրայ, անոնք այդ մէկը կ'անուանեն դեղատեսակի «գործելու մեքանիզմ»:
Դեղերը կը կապուին ընկալիչներու հետ, որոնք կը գտնուին բջիջներու մակերեսին կամ սայթոփլազմէն ներս (բջիջէն ներս գտնուող թանձր նիւթ մը): Երբ ընկալիչները կը միանան բջիջին, դեղը կ'ունենայ երկու դերերէն մէկը` խթանող (agonist) կամ հակառակորդ (antagonist):
Խթանողները` Ընդդէմ Հակառակորդներու
ԽմբագրելԴեղատեսակները, որոնք խթանող են, գործուն կը դարձնեն այն ընկալիչները, որոնց հետ կը կապուին: Այս կապը կա՛մ կ'աւելցնէ, կա՛մ կը նուազեցնէ բջիջին գործունէութիւնը: Հակառակ դեղամիջոցները հակառակը կ'ընեն. անոնք կը շրջափակեն ընկալիչները եւ կը կանխեն մարմինէն ներս գտնուող ԲՆԱԿԱՆ խթանողներու կապը:
Դեղերուն մեծ մասը կը կապուի ընկալիչներու յատուկ տեսակի մը հետ (որ յայտնի է իբրեւ ընկալիչներու ընտրողականութիւն (selectivity)): Դեղատեսակին որոշակի ընկալիչի հետ կապուելու ունակութիւնը կ'որոշուի անոր իւրայատուկ քիմիական կառուցուածքով:
Օրինակներ
ԽմբագրելԵրբ մարդը դեղ կ'առնէ հիւանդութենէ մը բուժուելու համար, անոր «գործելու մեքանիզմ»ը յատուկ կենսաբանական այն գործընթացն է, որուն միջոցով դեղը կը բուժէ հիմնական խնդիրը եւ/կամ կը նուազեցնէ անոր ախտանիշները: Երբեմն դեղերու «գործելու մեքանիզմ»ը յստակ է, այլ պարագաներու այդ մէկը լիովին անյայտ է:
Օրինակ, յայտնի է սերոթոնինի վերառումը կանխողներու (SSRIs- Selective Serotonin Reuptake Inhibitors) «գործելու մեքանիզմ»ը: SSRI-ները կ'արգելակեն ուղեղի սերոթոնինի վերառումը, եւ այդ մէկը թոյլ կու տայ բարձրացնելու ջղային այս հաղորդիչին (սերոթոնինին) մակարդակը: Աւելի շատ սերոթոնին ունենալը կրնայ օգնել մեղմելու ընկճուածութեան ախտանիշները եւ բարելաւել մարդու տրամադրութիւնը: Երբեմն դեղատեսակի «գործելու մեքանիզմ»-ը անյայտ է: Գիտնականները կրնան տեսնել, որ դեղամիջոցը կ'աշխատի եւ չափել անոր ազդեցութիւնը, բայց անոնք տակաւին չեն գիտեր, թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս իր ազդեցութիւնը կը դրսեւորէ: Օրինակ, լիթիումը (տրամադրութիւն կայունացնող մը, որ կ՛օգտագործուի երկբեւեռ խանգարման բուժման համար) ակնյայտ ազդեցութիւն կ'ունենայ ախտանիշներու վրայ, սակայն կենսաբանական գործընթացը, որով ան կը գործադրէ այդ ազդեցութիւնը, լիովին յստակ չէ:
Որոշ դեղատեսակներ ունին մէկէ աւելի յայտնի «գործողելու մեքանիզմ»: Յայտնուած է, որ քաֆէինը կ'ազդէ ուղեղի մէկէ աւելի ընկալիչներու վրայ, որոնք ազդեցութիւն կ'ունենան մարմինի բազմաթիւ համակարգերու մէջ: Օրինակ` մէկ բաժակ սուրճ խմելը կրնայ մեծցնել սիրտի բաբախման յաճախականութիւնը,նաեւ խթանել աղիքներու կծկումները:
Այլ Օգտագործումներ
Խմբագրել«Գործելու մեքանիզմ» հասկացութիւնը երբեմն կ'օգտագործուի նաեւ ոչ դեղորայքային բուժումները նկարագրելու համար, մասնաւորապէս երբ կը քննարկուին հոգեկան առողջութեան խանգարումներ:
Օրինակ, երբ կը նկարագրուի հոգեընկերային միջամտութիւնը, ինչպէս հոգեբուժումը, «գործելու մեքանիզմ»ը կ'ըլլայ ճշգրիտ այն միջամտութիւնը, որ կը յառաջացնէ անձին ախտանիշներու փոփոխութիւն: Այնուամենայնիւ, այս միջամտութիւնները բարդ են եւ սովորաբար կը հիմնուին բազմաթիւ մեքանիզմներու վրայ, ինչպէս հիւանդին, այնպէս ալ բժիշկին կողմէ: