Գործիական հոլով
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գործիական հոլով, գոյականի հոլովաձեւերէն մին։
Գոյականներու գործիական հոլովը ցոյց կու տայ այն առարկան, որով կամ որուն միջոցով կը կատարուի գործողութիւնը։
Գործիականը կը պատասխանէ որո՞վ, ի՞նչ բանով, ինչո՞վ հարցումներուն։ Կը գրեմ մատիտով, կը ճամբորդենք նաւով, կ'ուրախանանք մանուկներով նախադասութեանց մէջ մատիտով, նաւով, մանուկներով բառերը դրուած են գործիական հոլովով եւ կը ցուցնեն այն իրը (մատիտ, նաւ) եւ անձը (մանուկ), որոնցմով տեղի կ'ունենայ գրելու, ճամբորդելու, ուրախանալու գործողութիւնները։
Գործիական հոլովը կը կազմուի -ով մասնիկով, որ միշտ կը դրուի ուղղականին վրայ՝ աղմուկ-աղմուկով, գինի-գինիով, զաւակներ-զաւակներով, յաղթութիւն-յաղթութիւնով։ Ունինք նաեւ «ութիւն» ածանցով վերջացող բառերու -եամբ վերջաւորութիւնով գրաբար հոլովաձեւը՝ ճոխութիւն- ճոխութեամբ, վեհութիւն-վեհութեամբ։
Սակաւաթիւ գոյականներու գործիականը կրնայ կազմուիլ նաեւ -աւ վերջաւորութիւնով։ Օրինակ՝ պատճառ-պատճառաւ, միջոց-միջոցաւ։
Գործիականով կը դրուի միջոցի անուղղակի խնդիրը վերի նախադասութեանց մէջ մատիտով, նաւով, մանուկներով հոլովաձեւերը միջոցի անուղղակի խնդիրներ են։ Գործիական հոլովով կը դրուին նաեւ նախադասութեան այլ անդամներ։